«Ռեճեփ Էրտողանն ու անոր նախարարները անցանկալի անձեր են Գերմանիոյ մէջ, բաւ է արդէն»,- Մարտ 21-ին յայտարարած է Գերմանիոյ իշխող կուսակցութեան առաջնորդներէն մէկը՝ Քրիստոնեադեմոկրատական միութեան փոխնախագահ Ֆոլքէր Պուֆիէրը:
Վարչապետ Անկելա Մերքէլի բարձրաստիճան կուսակիցը կրկնած է՝ «Թուրքիոյ նախագահը անցած է թոյլատրելիի սահմանը, ֆաշիզմի եւ Գերմանիոյ կառավարութեան միջեւ որեւէ համեմատութիւն կտրականապէս անընդունելի է»:
«Անոնք ցանկալի անձ չեն մեր երկրի մէջ: Մէկը, որ կը վիրաւորէ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն այդ ձեւով, պէտք չէ ակնկալէ, որ մենք հազարաւոր ոստիկաններ կը հաւաքենք անոր անվտանգութիւնը ապահովելու համար»,- ըսած է Ֆոքլէր:
Մերքէլի մէկ այլ կուսակից՝ Սաքսոնիա-Անհալթի վարչապետ Ռէինըր Հազըլոֆ աւելի հեռու գնացած է՝ կոչ ընելով պաշտօնապէս արգիլել Էրտողանի ու անոր աջակիցներու այցերը Գերմանիա: «Մենք կ’ողջունենք բոլորին անոնց, որոնք կու գան որպէս հիւր՝ որեւէ հարց քննարկելու, բայց ոչ՝ քարոզի, եւ սա յատկապէս կը վերաբերի այն մարդոց, որոնք վարկաբեկիչ յայտարարութիւններ կ’ընեն մեր երկրի հասցէին»,- Die Welt -ին ըսած է գերմանացի պաշտօնեան:
Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Եոհանէս Հանն իր հերթին զգուշացուցած է, որ Անգարայի անդամակցութիւնը եւրոպական ընտանիքին հետզհետէ աւելի անիրատեսական կը դառնայ: «Թուրքիան ալ աւելի կը հեռանայ Եւրոմիութենէն եւ եթէ արագօրէն չփոխէ իր քաղաքականութիւնը, ԵՄ-ին անդամակցութիւնը կը դառնայ շատ ու շատ աւելի անհաւանական»,- BILD-ին ըսած է Եւրոմիութեան յանձնակատարը:
Թուրքիոյ նախագահի վրայ, սակայն, այս նախազգուշացումները կարծես երբեք չեն ազդած: Ելոյթ ունենալով Անգարայի մէջ՝ Էրտողան ոչ միայն կրկնած է զուգահեռները Արեւմուտքի ու ֆաշիզմի միջեւ, այլեւ այդ համեմատութիւնը դարձուցած է իր կարգախօսներէն մէկը՝ սահմանադրական քարոզարշաւին:
«Եւրոպացիները տմարդի են, ոչ խիղճ ունին, ոչ երախտագիտութիւն: Այսօրուայ Եւրոպան ֆաշիստ է, երկրորդ համաշխարհային պատերազմի դաժան Եւրոպան, միջնադարեան Եւրոպան, որ թշնամի կը համարէր թուրքերուն: Սահմանադրական փոփոխութիւններուն այո ըսելով՝ դուք ձեր պատասխանը կու տաք այդ Եւրոպային»,- յայտարարած է Էրտողան:
16 Ապրիլին նախատեսուած հանրաքուէէն ետք Թուրքիան արմատապէս պիտի փոխէ իր վերաբերմունքը Եւրոպայի հանդէպ, նաեւ սպառնացած է Էրտողան, շարունակելով․ «Մենք թոյլ չենք տար, որ մեզ հետ այսպէս վարուին: Թուրքիան հաշիւ պիտի պահանջէ Ռոթըրտամի մէջ ցոյցի ժամանակ վիրաւորուած մեր եղբօր՝ Հիւսէին Քուրթի համար: Եթէ դուք կը հարուածէք մեզ, մենք պատասխան կու տանք, ինչ ցանէք՝ այն կը հնձէք: Այսույետ եւրոպական երկրներու ոեւէ գործակալի թոյլ պիտի չտրուի աշխատիլ մեր երկիր: Մեզ այլեւս չէք կրնար վախցնել ոչ Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու դադարեցմամբ, ոչ փախստականներու գործարքով, ոչ ալ որեւէ այլ հարցով: Վերջ, այդ փուլը այլեւս աւարտած է»:
Էրտողանի բորբոքուած այս ելոյթէն ետք անոր կուսակցութիւնը յայտարարած է, թէ կը չեղարկէ սահմանադրական հանրաքուէէն առաջ Գերմանիոյ մէջ նախատեսուած բոլոր հանդիպումները: Մայր օրէնքի այդ փոփոխութիւնները քուէարկութեան պիտի դրուին 16 ապրիլին: Փորձագէտներն ու ընդդիմախօսները վստահ են՝ անոնց նպատակն է ամրապնդել ու երկարաձգել բռնապետական կառավարմամբ յայտնի էրտողանի իշխանավարումը: