Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեանը Ետ Պիտի Չկանգնի Ստանձնած Պարտականութիւններէն

Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեանը Ետ Պիտի Չկանգնի Ստանձնած Պարտականութիւններէն

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի նորընտիր տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեան, հակառակ թրքական իշխանութիւններու ստեղծած արգելքներուն, չի պատրաստուիր ետ կանգնիլ եւ պիտի շարունակէ կատարել նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին իր ստանձնած պարտականութիւնները։ Այս մասին ան յայտնած է նախօրէին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, որ արքեպիսկոպոսը ստորագրած է իբրեւ տեղապահ Պէքճեան։

«Կ’ուզեմ յայտնել, որ Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար ձեռնարկուած աշխատանքի շրջանը իմ կողմէ պէտք է տարուի եկեղեցւոյ աւանդոյթներուն համապատասխան։ Կը հաւատամ եւ վստահ եմ, որ այս շրջանը պէտք է կարենանք աւարտել ներդաշնակ եւ համերաշխ պայմաններու մէջ, եւ բոլոր պատասխանատուները ջանք չեն խնայեր ընելու այն, ինչ կրնան։ Համայնքի անդամներուն կը հաւատացնեմ, որ Աստուծոյ կամքով՝ ամէն հարցը լաւ լուծում պիտի գտնէ», – մասնաւորապէս ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Կիրակի օր արքեպիսկոպոս Պէքճեան Գերմանիա մեկնելէն առաջ Պոլսոյ Ֆէրիքոյի հայկական եկեղեցիին մէջ մասնակցած էր կիրակնօրեայ պատարագին։ Դիմելով եկեղեցի հաւաքուած համայնքի անդամներուն՝ ան յայտնած էր, որ հակառակ առաջացած խնդիրներուն ու արգելքներուն, ինք մօտ օրերս պիտի վերադառնայ եւ տէր պիտի կանգնի իր պաշտօնին։

Անցած տարուան հոկտեմբերի վերջին արդէն 9 տարի ծանր հիւանդութեան պատճառով փաստացիօրէն անգործունակ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի ուխտի լուծարումէն ետք օրակարգ եկած էր  նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը, եւ տեղապահի ընտրութիւնը, ըստ էութեան, առաջին քայլն է այդ խնդիրի լուծման ճանապարհին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment