Peace of Art կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր ամենամեայ գործը` Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին ընդառաջ ԱՄՆ-ի Մասաչուսէթս նահանգի 7 բանուկ մայրուղիի վրայ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն բարձրացնելով ելեկտրոնային վահանակներ, իսկ Ապրիլ 1-էն Պոսթընի հարաւ-արեւելեան ճեպընթաց մայրուղիի վրայ` կոչ ընելով միջազգային հանրութեան ճանչնալու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:
«2017-ի Ապրիլը կը համարուի աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու եւ Հոլոքոսթի յիշատակման ամիս, եւ այդ առիթով մեր վահանակներով կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` յարգելով յիշատակը նաեւ բոլոր ցեղասպանութիւններու անմեղ նահատակներուն:
«2016-ին Հռոմի պապը այցելելով Հայաստան` եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր` Ծիծեռնակաբերդ, անձնապէս յարգելով 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Վահանակը կ՛արտացոլէ պատմական այն պահը, երբ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հետ միասին Պապ Ֆրանչիսկոսը կաթոլիկ աշխարհի անունէն խաղաղութեան պատգամ կը յղէ Թուրքիոյ դէպի Մասիսը թռցուցած աղաւնիներով` յորդորելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը»,- ըստ «Փանարմինըն»-ի՝ ըսած է Peace of Art կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ, նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը:
Peace of Art կազմակերպութիւնը 2015-ին տեղադրած էր հարիւր վահանակ` նուիրուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ինչպէս նաեւ երախտագիտութեան վահանակներ Գերմանիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսին անոր` 2015-ի Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սուրբ պատարագի մատուցման եւ այն 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը անուանելուն համար:
2003-ին Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը հիմնած է Peace of Art անշահոյթ կրթական մարդասիրական կազմակերպութիւնը, որ կ՛օգտագործէ արուեստի համընդհանուր լեզուն իրազեկելով մարդկային գոյավիճակի մասին, նպաստելով հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման` առանցք ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը: