Home ԳՐԱԿԱՆ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Անունս Արամ է»ն Պատմուածքներու Ժողովածուն Թրքերէնով

Ուիլիըմ Սարոյեանի «Անունս Արամ է»ն Պատմուածքներու Ժողովածուն Թրքերէնով

by MassisPost

Aram-Derler-AdimaԱմերիկահայ անուանի արձակագիր Ուիլիըմ Սարոյեանի «Անունս Արամ է» պատմուածքներու ժողովածուն ընթերցողներուն կը ներկայանայ թրքերէն նոր թարգմանութեամբ։ «Անունս Արամ է», ուր ամփոփուած են հեղինակի ամենայայտնի ու սիրելի պատմուածքները, առաջին անգամ հրատարակուած է 1940-ին եւ հեղինակին բերած է համաշխարհային ճանաչում։ Պատմուածքներուն հիմք կը հանդիսանան այն դիտարկումները, զոր մանուկ Սարոյեան կը կատարէր իր շրջապատին՝ ընտանիքին, վարժարանին ու դրացիներուն շուրջ։ Սարոյեանին յատուկ ջերմ, սրամիտ, մարդասէր ու յաճախ շատախօս պատմուածքներու ընդմէջէն վկան կը դառնանք մարդը մարդացնող արժէքներու մանկական հայեացքով մը յայտնաբերումին։

Սարոյեան, որ զաւակն էր Պիթլիսէն Ամերիկա գաղթած ընտանիքի մը, Լոս Անճելըսի մէջ, իտալացի, փորթուկալացի, սպանացի, հայ, չինացի, հրեայ գաղթականներով ստեղծուած քուրային մէջ մէկ կողմէ կը հետապնդէ ամերիկեան հոգեվիճակին հետքերը, միւս կողմէ ալ կը յայտնաբերէ, դեռ մանուկ, իր ինքնութեան դրոշմուած անցեալի հայրենիքին՝ Անատոլուին հետքերը, հայելի կը բռնէ աղքատ հայ մանուկի մը Ամերիկայի մէջ կեանքին կառչելու փորձառութեան։

Մեծանուն գրողը, որ վերջին տարիներուն «Արաս»ի թարգմանած հրատարակութիւններով Թուրքիոյ մէջ ստեղծած է ընթերցողներու նոր զանգուած մը, համաշխարհային գրականութեան մէջ պատմուածքի սեռին տարբեր մօտեցում մը բերած հեղինակներուն գլխաւորն է։

Սարոյեանի գիրքերը՝ «Արաս»էն՝
Վախկոտները համարձակ են (Ödlekler Cesurdur)
Փարիզ-Ֆրեզնոյի օրագիր, 1967-1968 (Paris-Fresno Güncesi 1967-1968)
Մարդկային կատակերգութիւն (İnsanlık Komedisi)
Եօթանասուն հազար ասորի (Yetmiş Bin Süryani)
Ուիլիըմ Սարոյեան՝ Ամերիկայէն Պիթլիս (ուսումնասիրութիւններ) (Amerika’dan Bitlis’e William Saroyan)
Իմ սիրտը լեռներուն վրայ է, Կեանքիդ ժամանակը (երկու թատերախաղ) (Yüreğim Dağlardadır – Yaşamak Vakti)

Արաս Հրատարակչութիւնը հիմնուած է 1993ին Ստանպուլի մէջ եւ շուտով արժանացած՝ «պատուհան՝ դէպի հայ գրականութիւն» յորջորջման: Իր բազմաթիւ հայերէն եւ թրքերէն գիրքերով դասուած է նաեւ սակաւաթիւ երկլեզու հրատարակիչներու շարքին: Արաս Հրատարակչութիւնը նպատակադրած է կամուրջ մը հաստատել տարածաշրջանի տարբեր մշակոյթներու միջեւ, փոխանցել հայ մշակութային արժէքները յաջորդ սերունդներուն, եւ շարունակել Թուրքիոյ մէջ խոր արմատներ ունեցող հայ հրատարակչական աւանդութիւնը, իբրեւ անոր նոր հազարամեակի ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment