Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճան Հրաժարած է իր Գերեվարուած Զինծառայողէն

Ատրպէյճան Հրաժարած է իր Գերեվարուած Զինծառայողէն

by MassisPost

Նախօրէին ժամը 15:00-ի սահմաններուն ատրպէյճանական կողմը ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծի հիւսիսային՝ Թալիշի ուղղութեամբ, օգտուելով մառախլապատ եղանակէն, ձեռնարկած է ներթափանցման փորձ: Այս մասին տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը:

«Կազմակերպուած հակադիվերսիոն գործողութեան արդիւնքում՝ առաջնագիծը պաշտպանող հայկական ուժերին յաջողուել է գերեվարել ատրպէյճանական բանակի զինծառայող, 1995 թ․-ին Բարդա քաղաքում ծնուած Էլնուր Հիւսէյն Զատէն: Ըստ հաւաստի տուեալների՝ հակառակորդը տուել է նաեւ առնուազն 1 վիրաւոր, ինչն, ի դէպ, պաշտօնապէս հաստատուել է Ատրպէյճանի ՊՆ-ի կողմից տարածուած հաղորդագրութեամբ»,- փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը:

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հերքած է  ներթափանցման  փորձի եւ իր կորուստներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները, նշելով, որ հայկական ուժերու կողմէ գերեվարուած ատրպէյճանցի Էլնուր Հիւսեինզատէ, որպէս կարգազանց զինծառայող, զօրացրուած է բանակէն եւ ներկայիս հաշուառուած չէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ խօսնակ Սէնոր Հասրաթեան անտրամաբանական ու անհասկանալի համարած է, թէ ինչպէս կրնայ բանակէն զօրացրուած զինծառայողը՝ զինուորականի համազգեստով, սպառազինուած ու առաւել եւս՝ ներթափանցման խումբի կազմին մէջ, ներթափանցել հակամարտ զօրքերու միջդիրքային տարածք, փորձել կատարել յատուկ նշանակութեան գործողութիւն եւ յայտնուիլ հայերու ձեռքը:

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ամենաշատ տուժած բնակավայրերէն Թալիշի ուղղութեամբ իրականացման պատճառը, ըստ Դաւիթ Պապայեանի՝ այժմ Թալիշի մէջ իրականացուող լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներն են:

Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ռիչըրտ Կիրակոսեանի դիտարկմամբ՝ երեկուան, ինչպէս նաեւ Տաւուշի մէջ նախորդ տարեվերջին ատրպէյճանական կողմի ձեռնարկած ներթափանցման   փորձերը ստուգողական էին՝ պարզելու հայկական կողմի պատրաստութիւնը:

«Այդ դէպքերն ապացուցում են, որ Ատրպէյճանը մտադրութիւն ունի յառաջիկայ ամիսներին շարունակել ռազմական գործողութիւնները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ: Ատրպէյճանական յաջորդ ռազմական գործողութիւնը, հաւանաբար, կը ներառի ոչ միայն Տաւուշի ուղղութեամբ յարձակումներ, այլ նաեւ գրոհներ Նախիջեւանից»,- ըսաւ Կիրակոսեան:

Անոր խօսքով՝ վերջին շրջանի  ներթափանցման գործողութիւնները պայմանաւորուած են նաեւ Ատրպէյճանի ներքին տնտեսական վիճակով: Ըստ անոր. «Ատրպէյճանի համար Մինսկի խումբը թուում է թոյլ, ինչպէս երբեք: Նրանց չի յուզում միջազգային արձագանքը, բայց այս անգամ նրանք ակնկալում են աւելի քիչ միջազգային արձագանք»:

Քաղաքագէտը նաեւ վստահ է՝ այժմ, նախկինի համեմատ, հայկական կողմը աւելի լաւ պատրաստուած է որեւէ գործողութեան, չ’ըլլար նաեւ անակնկալի գործօնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment