Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախընտրական Անորոշութիւններ

Նախընտրական Անորոշութիւններ

by MassisPost

Ապրիլի 2-ին Հայաստանի մէջ նախատեսուած են հերթական խորհրդարանական ընտրութիւններ: Թէեւ կարճ ժամանակ մնացած է մինչ այդ ընտրութիւնները, սակայն բազմաթիւ հարցեր կը մնան անորոշ:

Առաջին անորոշութիւնը կը վերաբերի թուականին: Բազմաթիւ շրջանակներ` ժողովրդային, մտաւորական ու քաղաքական կը պահանջեն, որ այդ թուականը փոփոխութեան ենթարկուի, նկատի առնելով, որ այդ կը զուգադիպի նախորդ տարուայ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի սկզբնաւորութեան թուականին, որու ընթացքին զոհուեցան աւելի քան հարիւր երիտասարդներ եւ այդ օրը անոնց յիշատակը պէտք  է արժանանայ պատշաճ յարգանքի:

Երկրորդ անորոշութիւնը կը վերաբերի ընտրական տեղամասերէն ներս նկարահանման գործիքներ զետեղելու շուրջ ընդդիմադրութեան եւ իշխանութիւններուն միջեւ նախապէս գոյացած համաձայնութիւնը գործադրութեան դնելու հարցին: Այս  վերջինները, պատճառ բռնելով նիւթական միջոցներու  անբաւարարութիւնը, կը փորձեն խուսափիլ այդ քայլէն, հաւանաբար մտավախութիւն ունենալով, որ այդ կրնայ սահմանափակել ընտրութիւնները կեղծելու իրենց հնարաւորութիւնները:

Անորոշութիւն կը տիրէ նաեւ քաղաքական թատերաբեմի վրայ: Իշխող համակարգի կարգ մը կարկառուն դէմքեր, որոնց շարքին նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, դուրս գալով  Հանրապետական կուսակցութեան հովանիէն, սկսած են որդեգրել ընդդիմադիր կեցուածք ու կը պատրաստուին ընտրութիւններուն մասնակցիլ այդ հանգամանքովª ժողովուրդի մօտ յառաջ բերելով մեծ կասկածներ:

Իսկ  գլխաւոր անորոշութիւնը կապուած է ընտրական նոր օրինագծին հետ, ուր տեղ  կը գտնեն համամասնական եւ «ռէյթինկային» ընտրութիւններու անհասկնալի դրոյթներ: Խորհրդարանի անդամներու թիւը 101 տեղ սահմանուած ըլլալով հանդերձ,  կրնայ աւելի բարձրանալ, եթէ կուսակցութիւններէն  կամ դաշինքներէ ոչ մէկը չկարողանայ առաջին փուլով մեծամասնութիւն ապահովել ու այդ պարագային երկրորդ փուլի հարց ծագի:

Վերջերս  Եւրոպական կառոյցներ եկան յայտարարելու, որ Հայաստանի ընտրական օրինագիծը շատ բարդ կը նկատուի:

Այս բոլորին ի տես, զարմանալի չէ, որ Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին, դարձեալ կը տիրէ  թերահաւատութիւն` յաջորդ ընտրութիւններու  ազատ ու արդար ըլլալու հաւանականութեան շուրջ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment