Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Դեսպան․Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ազատ Կ’ըլլան Քաղաքական Կամքի Դրսեւորման Պարագային

ԱՄՆ Դեսպան․Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ազատ Կ’ըլլան Քաղաքական Կամքի Դրսեւորման Պարագային

by MassisPost

Գալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ իրականին ազատ ու արդար կըլլան, եթէ կառավարութիւնը քաղաքական կամք դրսեւորէ ու եթէ քաղաքական ընդդիմութիւնն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը այդ գործընթացի երաշխաւորներու դերով հանդէս գան։ Այս մասին ըսած է Հայաստանի ԱՄՆ արտակարգ ու լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլս, Հայ-ամերիկեան Առեւտրի պալատի միջոցառման, ելոյթ ունենալով Հայաստանի ԱՄՆ դեսպանատան ծրագրերու  ու գործունէութեան ուղղութիւններու մասին։

Դեսպանը յիշեցուցած է, որ սահմանադրական հանրաքուէէն յետոյ ինք ողջունած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրապարակային յանձնառութիւնը ընտրական գործընթացներու նկատմամբ հասարակական վստահութեան վերականգնման։

«Վստահութեան արժանի ընտրութիւններ կայացնելու վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան հրապարակաւ ստանձնած յանձնառութիւնը կեանքի կոչելու հարցով օգնելու համար ԱՄՆ ՄԶԳ-ը՝ Եւրամիութեան, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ եւ ՄԱԿ-ի գրասենեակի հետ համատեղ ֆինանսական օժանդակութիւն ցուցաբերած է քուէարկութեան նոր գործընթացներու ու սարքաւորումներու ապահովման համար, որոնց շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր ՀՀ կառավարութեան, քաղաքական ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ, ըստ որուն՝ այս աննախադէպ համաձայնութիւն էր, ուր բոլոր կողմերը զիջումներու գացած էին: Այս միջոցներու շնորհիւ հնարաւոր կը դառնան ընտրողներու նոյնականացումը՝ քուէարկութեան օրը եւ ընտրութիւններէն յետոյ ընտրողներու ստորագրած ցուցակներու հրապարակումը:

Թոյլ տուէք սակայն յստակացնել, որ այս յաւելեալ միջոցները ինքնին ազատ ու արդարացի ընտրութիւններու երաշխիք չեն: Անոնք կրնան գործընթացը դարձնել առաւել թափանցիկ, առաւել դժուարացնել կեղծիքներ թոյլ տալը, սակայն ընտրութիւնները իրապէս ազատ ու արդարացի կ’ըլլան, երբ կառավարութիւնը դրսեւորէ քաղաքական կամք՝ կայացնելու նման ընտրութիւններ եւ երբ քաղաքական ընդդիմութիւնն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը հանդէս գան երաշխաւորելու այդ գործընթացը: Միաժամանակ, ազատ եւ արդարացի ընտրութեան համար պահանջուած է նաեւ քաղաքացիական ներգրաւուածութիւն ընտրական գործընթացներուն՝ քաղաքական ընդդիմութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան կողմէն, որուն համար մենք անցեալ տարի ուրախ էինք տեսնել անոնց կառավարութեան հետ աշխատելու ընթացքին եւ յոյսով ենք, որ դրական ու կառուցողական համագործակցութեան այս ոգին կը պահպանուի նաեւ ընտրութիւններու շրջանին եւ անկէ յետոյ: Ազատ եւ արդարացի ընտրութիւններու կայացման համար կառավարութիւնը նաեւ պէտք է ձեւաւորէ այնպիսի մթնոլորտ, ուր լրատուամիջոցներն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը ազատ են, անկախ ու առանց սահմանափակումներու»,- ըսած է դեսպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment