Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս սահմանադրական փոփոխութիւններով 11-րդ յօդուածի քննարկման ժամանակ Ուրբաթ օր ելոյթ ունեցած՝ ընդդիմադիր հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է 1913-1923 շրջանին Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ոչնչացման: Փայլան շեշտած է, որ այդ տարիներուն հայերը, ասորիները, յոյները եւ հրեաները ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի ենթարկուելով, հեռացուած են այդ տարածքներէն:
Ըստ հայկական «Ակօս» թերթին` Փայլանի կողմէ ցեղասպանութիւն բառը հնչելէ ետք, իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան» (AKP) պատգամաւորները ոտքի կանգնած ու սկսած են անոր վրայ պոռալ: Նիստը վարող մէճլիսի փոխ-խօսնակ Ահմէտ Այտըն Փայլանէն պահանջած է «ուղղել» խօսքը:
Փայլան, շարունակելով ելոյթը, ըսած է. «ժամանակին 40 տոկոս կը կազմէինք, հիմա մէկ հազարերորդ մասը կը կազմենք, ուրեմն մեր գլխուն բան մը եկած է. Ես ցեղասպանութիւն անուանեմ, դուք ինչ ուզէք` անուանեցէք: Եկէք անուանումը միասին որոշենք ու շարունակենք մեր ճանապարհը: Պապիս ու նախնիներուս գլխուն եկածը ես շատ լաւ գիտեմ: Եկէք դուք դրէք անուանումը եւ քննարկենք այդ մասին»:
Այս խօսքերուն հակադարձելով, իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր Մէթին Քիւլունք գոչած է. «Այդ ցեղասպանութիւն բառը պիտի շտկուի», իսկ որոշ պատգամաւորներ շարժած են դէպի Փայլանը: Լարուածութիւնը զսպելու համար ընդմիջում յայտարարուած է, որմէ ետք շարք մը պատգամաւորներ իրենց ելոյթին մէջ «քննադատած են» Փայլանը` ցեղասպանութիւն բառը խորհրդարանէն ներս օգտագործելու համար:
Կը նշուի, որ հայ պատգամաւորին որպէս պատիժ արգիլուած է մասնակցիլ խորհրդարանի յառաջիկայ 3 նիստերուն, իսկ նիստի արձանագրութիւններէն ջնջուած է ելոյթին մէջ արտասանուած ցեղասպանութիւն բառը:
Նիստի կայացուցած այս որոշումէն ետք Փայլան եւ HDP-ական պատգամաւորները լքած են նիստերու դահլիճը:
Փայլան ծեծէ փրկուա՞ծ
Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ լրատուական տեղեկութիւններ շրջան ըրին Փայլանի, երէկ երեկոյեան ունեցած բաւական աղմկայարոյց ելոյթին մասին:
«Արեւելք» կայքէջի Անգարայի աղբիւրներուն փոխանցմամբ` երէկ մինչ երեսփոխան Կարօ Փայլան (HDP) իր ելոյթի պահուն կ’անդրադառնար ցեղասպանութեան խնդրին AKP եւ թուրք ազգայնական MHP կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններ փորձած են յարձակիլ անոր վրայ: Վերջինս շարունակած է ելոյթը: Ապա HDP կուսակցութեան յայտնի գործիչներէն, պատգամաւոր Սըրը Սիւրէյէ Էօնտէր (Ատեամանցի) խորհրդարանի գլխամասէն հասնելով օժանդակած է, որ Փայլան անվտանգ կերպով հեռանայ դահլիճէն:
Նոյն աղբիւրը նաեւ վստահեցուց, որ իրավիճակը եղած է բաւական բարդ եւ ծանր եւ եթէ Օնտէր արագ ու տեղին միջամտութիւն չկատարէր ապա Փայլան ոտքի կոխան կրնան ըլլալ:
Փայլան Twitter-եան գրառում մը կատարելով խօսած է Ցեղասպանութիւն եզրին մասին եւ ըսած, թէ ինք այդ բառը օգտագործած է, ոչ թէ թուրք ժողովուրդին դէմ այլ այդ արարքը գործող ամբոխներուն դէմ: Ան մասնաւորապէս ըսած է՝ «Ցեղասպանութիւն իրագործողը ոչ թէ թուրք ժողովուրդն է, այլ միշտ յանցանք գործող ու երբեք չպատժուող այս հոգեկերտուածքը»: