Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ «Անապատի Ագռաւները» Ֆիլմի Ցուցադրութեան եւ Հարցազրոյցի Մասին

«Անապատի Ագռաւները» Ֆիլմի Ցուցադրութեան եւ Հարցազրոյցի Մասին

by MassisPost

crows-of-the-desert_poster

Տ. Ա. ՎԱՆԱՏՈՒՐ

Հ.Բ.Ը.Մ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, Օգոստոս 23, Կ.Վ. ժամը  5-ին, Պրպէնքի Ուտուպըրի համալսարանի Ֆլէչըր Ճոն հանդիսասրահի մէջ ցուցադրուեցաւ «Անապատի Ագռաւները»  ֆիլմը, որուն նիւթը վերցուած էր հայոց դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան օրերուն գրուած յուշագրութենէ մը:

Պատկառելի ներկայութիւն մը լեցուցած էր  հանդիսասրահը, ուր կը գտնուէին նաեւ «Անապատի Ագռաւները» շարժանկարի հեղինակային գլխաւոր դէմքերը`  Լեւոն Բարեան, Փրոֆ. Վահրամ Շամմէսեան, Տօքթ. Քարլա Կարապետեան, Տիկ. Մարթա Հուսք եւ Փոլ Թրփանճեան:

Շարժանկարի ցուցադրութեան նախորդող բարի գալուստի համառօտ ելոյթով հանդէս եկաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Յանձնաժողովի ատենապետուհի Թալին Եագուպեան: Նաեւ խօսք առին հանդիսավար Լուսին Վարպետեան եւ Քալիֆորնիոյ Նահանգի խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, որ պարգեւատրեց շարժանկարը արտադրող Փոլ Թրփանճեանը:

Յուշագրութեան հեղինակը թուրք բանակի զինուոր` Լեւոն Եօթնախպարեանն էր:  Ան իմանալով հայոց դէմ կատարուող սարսափազդու դէպքերը եւ զգալով բանակային հայ զինուորներուն  սպառնացող վտանգը,  փախուստ կու տայ բանակէն եւ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը Ուրֆա քաղաքը, միանալու համար իր ընտանիքին:  Լեւոն կը հիասթափի տեսնելով իրենց տան մէջ տիրող ամայութիւնը: Իր ծնողները ոչնչացուած էին թուրքական հարուածներուն տակ: Լեւոն Եօթնախպարեան կը հեռանայ Ուրֆայէն, եւ բազում դժուարութիւններու եւ տառապանքներ կրելէ ետք` ի վերջոյ  կը գտնէ իր փրկութիւնը շնորհիւ արաբ եւ քիւրտ մարդասէրներու օժանդակութեան:

Այնուհետեւ,  Եօթնախպարեան կը լծուի իր ազգակիցներուն ծառայութեան:  Ան փրկութեան կը հասնի  իր բազմաչարչար քոյրերուն, մայրերուն ու անտէր մանուկներուն: Այդ փրկարար  առաքելութիւնը այնուամենայնիւ կը կարօտէր արտաքին լայն օժանդակութիւններու:

Եօթնախպարեան կը դիմէ օտար պետութիւններու, խնդրելով, որ օգնութիւն փութացնեն, ինչ որ կը կատարուի:  Շնորհիւ տարուած իր լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքներուն, Եօթնախպարեան իր հոգատարութեան տակ կ’առնէ իր միջոցներով փրկուած աւելի քան չորս հազար հայորդիներ:

Լեւոն  Եօթնախպարեանի Ցեղասպանութեան օրերուն ապրած կեանքէն վերցուած յուշերը գրի առած է իր կինը` Վարդուհի Եօթնախպարեանը:  Յետագային, համանուն յուշագրութիւնը շարժուն  ու  խօսուն  ֆիլմի վերածած է իրենց թոռնիկը Լեւոն Բարեան:

Վերոյիշեալ ծանօթութիւնները տրուեցան ֆիլմի ցուցադրութեան աւարտին կազմակերպուած հարցազրոյցի մասնակիցներ`  շարժանկարը պատրատող`  Տօքթ. Քարլա Կարապետեանի, բեմադրիչ` Մարթա Հուսքի, Փրոֆ. Վահրամ Շամմէսեանի եւ գլխաւոր արտադրող` Փոլ Թրփանճեանի կողմէ, որոնց երկար եւ սպառիչ երախտաշատ աշխատանքը, վաւերագրականօրէն մեծ ներդրում կարելի է համարել Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման, Դատապարտման եւ Հատուցման` հայազգի պահանջատիրական անժամանցելի պայքարէն ներս:

«Անապատի Ագռաւները» վաւերագրական  յաջող իրագործում մը, որուն համար արժէ գնահատել նուիրեալ նախաձեռնողները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment