Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բացատրութիւն Մը Եւս

Բացատրութիւն Մը Եւս

by MassisPost

Անցեալ շաբթուայ «Մասիսի» այս սիւնակներով,  ինչպէս նաեւ մեր կայքէջերուն վրայ լոյս տեսաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան զօրակցական յայտարարութիւնը` Հիլլըրի Քլինթոնի նախագահական թեկնածութեան կապակցութեամբ:

Ինչպէս որ կ’ակնկալէինք, այդ յայտարարութիւնը արժանացաւ բաւական մեծ հակազդեցութեան, աշխարհի տարբեր կողմերէն: Թէեւ համաձայն եղողները աւելի շատ էին, սակայն հակառակ արտայայտուողները աւելի խիստ էին  իրենց քննադատութիւններուն մէջ:

Հակառակ  եղողներու մօտ ամենէն աւելի շեշտուած կէտը կը վերաբերէր Հիլլըրի Քլինթոնի կեցուածքին`  Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով: Քիչ չէին նաեւ անոնք, որոնք նախկին պետական քարտուղարը կը մեղադրէին Սուրիոյ հարցով:

Համաձայն ենք, որ  Հիլլըր Քլինթոն Ծերակոյտի անդամ եղած ժամանակ ճանչցած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ պետական քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, պաշտպանած էր այդ հարցով վարչակարգի կեցուածքը: Սակայն, որպէս Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ չենք  կրնար վերածուիլ  մէկ հարցի վրայ հիմնուած քուէարկողներ:  Այս երկրին մէջ կան  բազմաթիւ ընկերային ու տնտեսական հարցեր, որոնք անմիջականօրէն առնչուած են  մեր առօրեային հետ եւ այդ հարցերը եւս պէտք է նկատի առնուին:

Հանրապետականները կը նկատուին հարուստ դասակարգի շահերու պաշտպան  կուսակցութիւն եւ կողմնակից` ընկերային նպաստներու եւ առողջապահական ծրագիրներու  կրճատման ու  նաեւ,  որպէս գաղթականներու հակառակ եղող կազմակերպութիւն: Միւս կողմէ, Դեմոկրատները կը ներկայանան որպէս պարզ ժողովուրդի  շահերու  պաշտպան: Մենք ընտրութիւն կը կատարենք ոչ միայն թեկնածուներու` այլ  նաեւ կուսակցութիւններու միջեւ:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հարցին եւ Հիլլըրի Քլինթոնի ենթադրեալ դերակատարութեան, պէտք  է յիշել, որ սկզբնական  շրջանին ժողովուրդը նախ  փորձեց խաղաղ  ցոյցերու միջոցաւ իր արդար դժգոհութիւնը յայտնել երկրին մէջ տիրող կացութեան դէմ:  Իշխանութիւններու անհանդուրժ ու խիստ վերաբերմունքը պատճառ դարձաւ, որ  իրավիճակը ստանայ տարբեր բնոյթ, հասնելու համար այսօրուայ դժբախտ կացութեան:

Որպէս հաւաքականութիւն պէտք է  գիտակցինք, որ կատարեալ  թեկնածուներ չկան ու  զօրակցինք անոնց, որոնց հետ ունինք համաձայնութեան աւելի շատ եզրեր:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment