Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Կառավարութիւնը Հալէպէն Հայերու Տարհանման Հարցը չի Քննարկէր

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հալէպէն Հայերու Տարհանման Հարցը չի Քննարկէր

by MassisPost

«Հալէպի հրթիռակոծումներու թիրախ յայտնուած հայերու տարհանման հարցը Հայաստանի կառավարութիւնը չի քննարկէր», ըսաւ արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը՝ շարունակելով, որ «նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ՝ սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու համար մօտակայ օրերուն երկու ինքնաթիռով մարդասիրական օգնութիւն Սուրիա կ′առաքուի»։

Հալէպահայերու թիւը մօտաւոր հաշուարկներով կը կազմէ 8-է 10 հազար։

Համացանցի վրայ շատ են քննադատութիւնները Հայաստանի իշխանութիւններու հասցէին, թէ օգնութիւն ուղարկելու փոխարէն պէտք է քայլեր ձեռնարկուին՝ պատերազմի գօտիէն դուրս բերելու կեանքի ու մահուան շեմին ապրող հալէպահայերուն։

Հալէպի Ազիզիէ թաղամասը ապրող Մայտա Պաքքալեանը կը պնդէ, որ «Հայաստանի կառավարութիւնը շատոնց պէտք էր դուրս բերէր իրենց այստեղէն»։

«Մեր հայերուն, Եւրոպա կը տանին, տուն կու տան, տեղ կու տան, դրամ կու տան, մեր հայը այս չի՞ կրնար ընել, քիչ մը հայ մնացէք, ով որ կրնար, այստեղէն դուրս եկաւ, բայց մենք՝ մնացածներս, բոլորս ալ օրուան հացը հազիւ կրնանք վաստակել, եւ հիմա այդ ալ արդէն չկայ»,- ըսաւ Պաքքալեանը։

Ինչպէս եւ նախորդ գիշերները, այս գիշեր եւս հալէպահայերը գրեթէ աչք չեն փակած հրթիռներու ձայներէն։ Մայտան կը պատմէ, որ երէկ աչքին առջեւ հրթիռէն զոհուեցաւ դրացին։ «Հրթիռը ինկաւ, Ալինին վրայ, առաստաղը ինկաւ, մահացաւ, ես ալ պատշգամն էի, Աստուած մեր երեսը նայեցաւ»,- ըսաւ Մայտան։

Սուրիոյ խորհրդարանի հալէպահայ պատգամաւոր, Բերիոյ թեմի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը կը հակադարձէ, թէ տարհանման կարիք չկայ, ովքեր կը կամենան դուրս գալ Հալէպէն, կրնան այդ ընել։

«Որեւէ երկիր, ուր պատերազմ կ′ըլլայ, արդեօ՞ք ժողովուրդը կը ձգտի այլ երկիր տեղափոխուիլ։ Եւրոպա, երկու համաշխարհային պատերազմներու ժամանակ, ժողովուրդը այլ երկիր տեղափոխուեցա՞ւ, ի վերջոյ, երբ երկիրը պատերազմի մէջ է, մարդիկ իրենց տուն, տեղ, գործ, աշխատանք, ամէն ինչ ունին՝ իրենց ակումբները, եկեղեցին, դպրոցը, այս ամէնը թողած ուրիշ երկիր կ′երթա՞ն»,- ըսաւ Ռէյիսեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment