Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Խաղաղ Պայմաններու մէջ Զոհուած Զինծառայողներու Գործերը Քննող Յանձնաժողով Ստեղծելու Նախագիծը Տապալեցաւ

Խաղաղ Պայմաններու մէջ Զոհուած Զինծառայողներու Գործերը Քննող Յանձնաժողով Ստեղծելու Նախագիծը Տապալեցաւ

by MassisPost

Ազգային ժողովի այսօրուան նստաշրջանի մեկնարկին կին ընդդիմադիրները մօտ 30 վայրկեան հանրապետականներուն կը յորդորէին խաղաղ պայմաններու մէջ զոհուած զինծառայողներու գործերը բացայայտելու նպատակով ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծել:

Նախագիծը ներկայացնող «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանճեանը պնդեց՝ սպանութիւններու բացայայտման համար իրաւապահ համակարգը արդիւնաւէտ չէ գործած, յանձնաժողովը կրնայ թափանցիկ քննութիւն ապահովել:

«Կրկին մենք կը լսենք, մահուան վերաբերեալ լուր կը ստանանք, սպանութիւններու վերաբերեալ, մեր ազգային զինուած ուժերուն մէջ։ Ո՞րն է պատճառը, պատճառն այն է, որ իրաւապահ մարմինները պատշաճ չեն գործէր, դատական համակարգը պատշաճ չի գործէր»,- յայտարարեց Փոստանճեանը։

Յանձնաժողովի ստեղծման կողմ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նաիրա Զոհրապեանը յայտարարեց, որ բազմաթիւ սպանութիւններ կը կոծկուին, կամ ինքնասպանութեան վարկածի տակ գործը՝ կը կարճեցուի:

«Չեմ կարծէր, որ այս քաղաքական հարց է եւ այստեղ մեծամասնութեան ինքնասիրութիւնը կրնայ վնասուիլ, եթէ կողմ քուէարկուի պարզ նախագիծի մը, որպէսզի սպաննուած զինուորի մօր ձեռքը ոչ թէ բռնեն, շպրտեն հերթական ցոյցը ընելու ընթացքին՝ պահանջելով արդար քննութիւն, այլ այստեղ բոլոր քաղաքական ուժերը միասին քննարկեն տեղի ունեցած դէպքերը»,- յայտարարեց Զոհրապեանը։

«Օրինաց երկիր» խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Բիշարեանը հանրապետականներուն յիշեցուց՝ խաղաղ պայմաններու մէջ սպանութիւնները բանակին մէջ բազմաթիւ են, իսկ յանձնաժողովը կրնայ կանխարգիլել նմանատիպ դէպքեր:

«Շատ մեծ տարբերութիւն կայ այն ծնողներու միջեւ, որոնց երեխաները անուն հայրենիքի զոհուած են, եւ այն ծնողներու, որոնց երեխաները սպաննուած են եւ դէպքերը չեն բացայայտուիր։ Ի՞նչն է խնդիրը, երբ մենք կազմենք յանձնաժողով եւ ուսումնասիրենք»,- յայտարարեց Բիշարեանը։

Զինծառայողներու սպանութեան բացայայտման համար յանձնաժողով ստեղծելու նախագիծը ուրբաթ օր, դրական եզրակացութիւն չէր ստացած Պետաիրաւական յանձնաժողովին, պատճառներէն մէկը նախագիծին մէջ տեղ գտած շարք մը ձեւակերպումներն էին:

Ընդդիմադիր պատգամաւոր Էլինար Վարդանեան այսօր հանրապետականներուն կոչ ըրաւ՝ կողմ քուէարկել՝ խմբագրական ուղղումները ձգելով յանձնաժողովի ստեղծումէն ետք:

Իշխող Հանրապետականները հրաժարեցան մասնակցիլ քուէարկութեան։ Զարուհի Փոստանճեանի նախագիծը չստանալով որեւէ դէմ ձայն, այնուամենայնիւ չընդունուեցաւ:

«Հանրապետական խմբակցութիւնը նպատակայարմար կը գտնէ քուէարկութեան չմասնակցիլ ուղղակի՝ աջակցելով խնդրի լուծման»,- ըսաւ խմբակցութեան քարտուղար Գագիկ Մելիքեանը։

Խաղաղ պայմաններու մէջ բանակի զոհուած մի քանի զինուորներու ծնողներ այսօր խորհրդարանի ընդունարանում էին։ Սեւազգեստ մայրերը կը նշէին՝ չեն գիտէր այլեւս որուն դուռը թակել:

Աժ նախագահ Գալուստ Սահակեան այսօր հրաժարեցաւ շրջանառութեան մէջ դնել Զարուհի Փոստանճեանի այլ նախագիծ, «Սասնայ ծռեր»-ու վերաբերեալ:

«Ամբողջովին բնագիրը զրպարտութիւն է մարդկանց։ Կ′ըսէ՝ «այս զրպարտութիւնը դրէք քննարկման»,- յայտարարեց ԱԺ նախագահը։

Խորհրդարանի ղեկավարի այս գործելաոճը ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը հակաօրինական որակեց, որուն Գալուստ Սահակեանը քմծիծաղով արձագանքեց.- «Բոլորդ Սահմանադրութիւնը շատ լաւ կը զգաք եք, բոլոր օրէնքները զգում եք, բացի ինձանից, ես լրիւ հակառակը կասեմ՝ միայն ես կը զգամ, դուք պէտք է կարենաք ճիշդ ձեւով ենթարկուիլ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment