Home ՍՓԻՒՌՔ Հալէպի Հայկական Թաղամասերը Ծանր Ռմբակոծումներու Ենթարկուած

Հալէպի Հայկական Թաղամասերը Ծանր Ռմբակոծումներու Ենթարկուած

by MassisPost

Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Հալէպի հայկական թաղամասերը ենթարկուած են ծանր ռմբակոծումներու: Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք» կայքէջը: Հրթիռարձակումներու ենթարկուած է Ազիզիյէի հայկական թաղամասը ու յատկապէս շրջանի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի նախկին դաշտը: Այդ շրջանը որպէս պահեստանոց կը գործածուի այն հայ վաճառականներուն համար, որոնք իրենց ունեցած ապրանքները Շըգայէֆ շրջանէն փոխադրած են Ազիզիյէ: Ըստ նախնական տուեալներու, շրջանին մէջ արձանագրուած վիրաւորեալներուն շարքին կայ նաեւ այնտեղ աշխատող հալէպահայ Ճորճ Մութաֆեանը:

Նոյնպէս ծանր հրթիռարձակումներու եւ կազի տակառներու թիրախ դարձած են Մաիսալունի, Մուշիյէի, Պուսթան Քլապի, Աաիյէտ Ալիի, Պապ Ալ-Ֆարաճի, Թիլէլի եւ այլ խաղաղ բնակչութեան շրջաններ: Ըստ նախնական տուեալներու, մինչեւ այս պահը զոհուած են երկու անձեր, իսկ վիրաւորներու թիւը անցած է 20-ը:

 Հալէպի  մէջ այսօր  եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով   զոհուած է  Սեւան Պետրոս Հատտատը: Հատտատ   զոհուած է Հալէպի «Թէլէֆոն Հաուայի» շրջանին  մէջ: Հանգուցեալ  Սեւան  Հատտատի     (ծնեալ՝ 1969)    յուղարկաւորութեան  եւ թաղման  արարողութիւնը պիտի կատարուի  վաղը:

Լուսանկարը՝ «Արեւելք»ին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment