Գերմանիոյ կանցելր Անժելա Մերքել իր Քրիստոնեայ – Դեմոկրատական միութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարին ըսած է, որ չի հրաժարիր Պունտեսթակի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն, որ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան պատճառ դարձած է: Այդ մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը` վկայակոչելով տուեալ հարցով իրազեկուած աղբիւրները:
Քրիստոնեայ-Դեմոկրատական միութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վոլքեր Քաուդերը կուսակցութեան անդամներու հետ հանդիպման ժամանակ փոխանցած է, որ զրուցած է Մերքելի հետ, «Կանցլերը ընդգծած է իր դիրքորոշումը, յայտնած է հանդիպման մասնակցած աղբիւրը:
Քաուդերը նշած է նաեւ, որ թէեւ Մերքելը Յունիսի 2-ին Պունտեսթակի մէջ ներկայ չէ եղած բանաձեւի քուէարկութեան, սակայն աւելի կանուխ կուսակցական հանդիպման քուէարկած էր նախագիծի օգտին:
Յիշեցնենք` Թուրքիոյ արտգործնախարար Մեւլութ Չավուշօղլուն որպէս գերմանացի օրէնսդիրներուն Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելելու հնարաւորութիւն ընձեռելու պայման նշած էր Պունտեսթակի բանաձեւէն Գերմանիոյ կառավարութեան հրաժարումը: