Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը այսօր ծանր սպանդ մը կատարած է Գամիշլիի մէջ: Ըստ «Արեւելք» կայքին «Մունիր հապիպ» թաղամասին մէջ եղած ահաբեկչութիւնը արդիւնք է ականուած կառքի մը պայթումին, որուն հետեւանքով զոհուած են 44 անձեր եւ վիրաւորուած տասնեակ ուրիշներ Կը հաղորդուի նաեւ, որ պայթումը եղած է քրտական YPG խմբաւորման պատկանող անցարգելի մը մօտ եւ պայթումի ուժգնութիւնէն հրկիզուած ու պայթած է շրջանին մէջ եղող այլ բեռնատար կառք մը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, թէ Գամիշլիի մէջ պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն կամ վիրաւորներուն մէջ հայեր չկան:
Հզօր Պայթում մը Ցնցեց Գամիշլին. Զոհերուն Մէջ Հայեր Չկան
previous post