Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպացի Դեսպաններուն Համաձայն Առ Այժմ ՀՀ-ԵՄ Նոր Համաձայնագրի Ստորագրումը Խանգարող Հանգամանք Չկայ

Եւրոպացի Դեսպաններուն Համաձայն Առ Այժմ ՀՀ-ԵՄ Նոր Համաձայնագրի Ստորագրումը Խանգարող Հանգամանք Չկայ

by MassisPost

«Եւրոմիութիւնն ընդունած է ԵՏՄ-ին անդամակցելու Հայաստանի որոշումը, որովհետեւ Եւրոմիութիւնն ու Հայաստանը գործընկերներ են համահաւասար հարթութեան վրայ», Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց  Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Մաթիաս Քիսլեր: «ԵՄ-ն կ’առաջարկէ համագործակցութիւն, բայց չստիպեր»,- աւելցուց դեսպանը շեշտելով, որ ճիշդ այս ոգիով ընթացած նոր համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները:

Օգոստոսի վերջերուն «Բազէ» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած էր, թէ 2013-ին հայկական կողմը կը բանակցէր ե’ւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան հետ, ե’ւ Եւրամիութեան հետ, որովհետեւ ի սկզբանէ երկու կողմն ալ  կ’ըսէին, որ մէկը միւսին չի խանգարեր: «Բայց երբ Եւրամիութիւնն ասաց՝ խանգարում է, մենք ի՞նչ պէտք է անէինք»,- հարց տուած էր Սարգսեան:

Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնը աւարտող  Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարպանտիէ, որ եւս կը մասնակցէր մամլոյ ասուլիսին, համաձայնելով իր գերմանացի գործընկերոջ հետ, ըսաւ, որ թէքնիք հարցեր այո` կային: «Բնական է, որ միաժամանակ կարելի չէ գտնուիլ «երկու գօտիներու» մէջ, սակայն այդ չի նշանակեր, որ ինքնիշխան երկիրը չի կրնար ընտրել իր համար համապատասխան տարբերակն ու պարզել հետագայ քայլեր»:

«Այն օրը, երբ ստորագրուի Հայաստան-ԵՄ պայմանագիրը, կը կարծեմ, բոլոր նախադրեալները կան անոր համար, այդ ժամանակ Հայաստան կը դառնայ միակ երկիրը, որը ըլլալով ԵՏՄ անդամ, միաժամանակ պայմանագիր կ’ունենայ ԵՄ-ի հետ: Իսկ այդ պայմանագիրը  յաւակնոտ, երկխօսութիւններու հեռանկար  ունեցող, Հայաստանի համար գործունէութեան լայն հորիզոններ բացող, համարձակ ծրագիր կ’ըլլայ»- ըսաւ Ժան-Ֆրանսուա Շարպանտիէ:

Գերմանիոյ դեսպանը յայտնեց, որ Նոյեմբերին ԵՄ-ն պատրաստ է Հայաստանի հետ կնքել համագործակցութեան նոր պայմանագիրը եւ ներկայ պահուն չկայ որեւէ հանգամանք, որ խանգարէ այդ գործընթացին:

«Ես մեծ յաջողութիւն կը նկատեմ նոր համաձայնագիրը եւ կը  կարծեմ` եթէ այդ ստորագրուի, ապա նոր ու բազմաշերտ հնարաւորութիւններ  կ°ընձեռէ ԵՄ-Հայաստան համագործակցութիւնը խորացնելու  առումով»,- ըսաւ Գերմանիոյ դեսպանը:

Յայտնենք որ, Հայաստանի Խորհրդարանէն ներս արեւմտամէտ «Ելք» դաշինքը ներկայացուցած է առաջարկութիւնª Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն դուրս գալու եւ Եւրոպայի հետ տնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment