Շուէտացի օրէնսդիրները բողոք ներկայացուցած են ընդդէմ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի՝ մեղադրելով զինք ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ յանցանքներու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Independent»:
Շուէտի խորհրդարանի հինգ անդամներ երկրի դատախազութեան հայց ներկայացուցած են ընդդէմ Էրտողանին, մատնանշելով անոր ունեցած դերակատարութիւնը 2015 թուականէն մինչեւ օրս թրքական ուժերու եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ արիւնալի հակամարտութեան գործին մէջ:
Այս Շուէտի մէջ առաջին դէպքն է, երբ փորձ կը կատարուի պատասխանատուութեան ենթարկել այլ երկրի ղեկավարը: Բողոքին մէջ ներառուած են նաեւ վարչապետ Պինալի Եըտլըրըմին եւ շարք մը նախարարներու անուններ: Եթէ դատախազութիւնը ներկայացուած բողոքի հիման վրայ որոշում կայացնէ դատական գործ յարուցել, ուրեմն Էրտողանը ձերբակալելու հրաման պիտի տրուի:
2014 թուականէն Շուէտի մէջ կը գործէ օրէնք, որ թոյլ կու տայ երկրի դատարաններուն որեւէ դատական գործ յարուցել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն գործելու համար՝ անկախ անկէ, թէ այն ուր տեղի ունեցած է:
Կանաչներու կուսակցութեան անդամ Քարլ Շլիթըր յոյս յայտնած է, որ եւրոպական երկիրները նոյնպէս կը մտածեն նմանօրինակ քայլի դիմելու մասին: «Եթէ Էրտողանին կը խանգարեն շրջիլ Եւրոպայի մէջ եւ ազդել եւրոպական երկիրներուն վրայ այնպէս, ինչպէս կը ցանկայ, ուրեմն յոյսով եմ, որ այդ մէկը կ’ազդէ անոր քաղաքականութեան վրայ»,- նշած է նա: