Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Միջնորդները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահներուն Գագաթնաժողով Առաջարկած են

ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Միջնորդները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահներուն Գագաթնաժողով Առաջարկած են

by MassisPost

Երեքշաբթի օր Պրիւքսէլի մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամատեարովի հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Սթեֆան Վիսքոնթիի և Ռիչըրտ Հոկլանտի նախաձեռնութեամբ, որուն ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփշիք:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ, հանդիպման ընթացքին շարունակուած են ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցային գործընթացն առաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման շուրջ քննարկումները:

Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է շփման գիծին վրայ իրավիճակի կայունացման անհրաժեշտութիւնը ու այդ նպատակով շեշտած Վիեննայի եւ Սանկտ Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը:

Եռանախագահներն արտաքին գործոց նախարարներուն խնդրած են նախագահներուն փոխանցել իրենց առաջարկն այս տարուայ ընթացքին գագաթնաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը գումարել ս.թ. Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլիայի ծիրին մէջ, նշուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմէն ետք Վիեննայի եւ Սանկտ Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումներու ժամանակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած էին շփման գիծին վրայ խախտումներու քննութեան մեխանիզմներու ներդրման եւ ԵԱՀԿ դիտորդներու թիւն աւելցնելու մասին: Այդ համաձայնութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը քանիցս շեշտած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները, հայկական կողմը մշտապէս պատրաստակամութիւն կը յայտնէ զանոնք կատարելու: Ատրպէյճան, մինչդեռ, կը խոչընդոտէ նման մեխանիզմներու ներդրումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment