Տիարպէքիրի դատարանը Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւոր Օսման Պայտէմիրին կալանաւորելու մասին որոշում կայացուցած է: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը:
Պայտէմիրը կը մեղադրուի Տիարպէքիրի քաղաքապետ ըլլալու ժամանակ՝ 2012 թուականին նահանգապետարանի դիմաց ոստիկաններուն վիրաւորելու մէջ: Պայտէմիրը նահանգապետարան գացած էր խումբ մը պատգամաւորներու հետ՝ բողոքելու, որ իրենց արգիլուեր է ցոյց իրականացնել Պաթըքէնթ հրապարակի մէջ:
Դատախազը պահանջած է անոր 1-3 տարուան ազատազրկման դատապարտել:
Օսման Պայտէմիրը Տիարպէքիրի քաղաքապետ եղած ժամանակ քանի մը անգամ ներողութիւն խնդրած էր Հայոց ցեղասպանութեան համար: Ան յայտնի է նաեւ Տիարպէքիրի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման գործին մէջ ունեցած մեծ աջակցութեան համար։
Պայտէմիրը 2014 թուականին եկած էր Հայաստան, այցելած՝ Ծիծեռնակաբերդ ու ծաղիկներ խոնարհած էր անմար կրակին մօտ: