Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողան յայտարարած է, թէ հրաժեշտ պիտի տայ Եւրոմիութեան, եթէ Պրիւքսէլը Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու օրակարգին մէջ նոր կէտեր չներառնէ: Այս մասին թուրք առաջնորդը յայտարարած է իշխող կուսակցութեան կեդրոնակայանին մէջ ունեցած իր ելոյթի ժամանակ:
«Կը բանաք կէտերը՝ կը խօսինք, չէք բանար՝ ցտեսութիւն»,- ըսած է նախագահ Էրտողան, կարծիք յայտնելով, թէ այն, ինչի մասին Թուրքիան խօսած էր անցեալին, իրականացած է: «Շուտով ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովն է, այնտեղ ալ կը խօսինք: են Հինգ կէտերէ բաղկացած ցանկ ներկայացուցած են՝ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան չեղեալ յայտարարելու եւ այլնի մասին: Եւ այն, որ առաջին քայլը Թուրքիան պէտք է ընի»,- նաեւ ըսած է Էրտողան՝ Պրիւքսէլին կոչ ընելով տէր կանգնիլ խոստումներուն:
Էրտողանի այս խօսքերը հնչած են Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհանէս Հանի յայտարարութիւններու ֆոնին: «Ռոյթըրզ»-ի հետ զրոյցին Հանը ըսած է, թէ Թուրքիոյ` Եւրոմիութեան անդամակցելու երազանքը կարելի է աւարտած համարել: Բացի այդ, Հան նաեւ յայտարարած է, թէ Թուրքիան զգալիօրէն հեռացած է եւրոպական սկզբունքներէն: