Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 1539 Պատգամաւորութեան Թեկնածու Նոր Խորհրդարանի Համար

1539 Պատգամաւորութեան Թեկնածու Նոր Խորհրդարանի Համար

by MassisPost

2 Ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին  5 կուսակցութիւն եւ 4 նախընտրական դաշինք:

Ընտրապայքարին մէջ մասնաւորապէս կուսակցութիւններէն պիտի ըլլան  իշխող Հանրապետականը (ՀՀԿ), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ), «Ազատ Դեմոկրատներ»-ը, «Հայկական վՎերածնունդ»-ը (ՀՎԿ) եւ Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութիւնը (ՀԿԿ):

Դաշինքներէն ընտրողներու ձայներու համար պիտի պայքարին Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ղեկավարած «Գոնկրէս-ՀԺԿ»-ն, «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքը, «Ելք»-ը եւ «Ծառուկեան» դաշինքը:

Ընտրապայքարին մասնակցելու հայտ ներկայացուցած ուժերը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով (ԿԸՀ) ներկայացուցին իրենց համապետական եւ տարածքային ընտրացուցակները: Ինչպէս այսօր ամփոփեց ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեան, ընդհանուր առմամբ առաջադրուած է 1539 պատգամաւորութեան թեկնածու: Փոփոխուած Սահմանադրութեամբ խորհրդարանը նուազագոյն 101 պատգամաւոր պիտի ունենայ, եւս չորս տեղ պիտի յատկացուի ազգային փոքրամասնութիւններուն, սակայն խորհրդարանի տեղերու քանակը կրնայ  հասնիլ 180-ի, կախուած այն հանգամանքէն, թէ ընտրութիւնները քանի փուլով կ’ընթանան:

«Ուսումնասիրուելու են բոլոր ներկայացուած փաստաթղթերը եւ արդիւնքում մինչեւ ամսի 26-ը իրականացուելու է ընտրութիւններին մասնակցող կուսակցութիւնների գրանցման գործընթացը», – պարզաբանած է Տիգրան Մուկուչեան։

Գրանցուելէ ետք՝ 5 Մարտէն, կուսակցութիւններն ու դաշինքները պիտի սկսին քարոզարշաւ։ Առայժմ յայտնի չէ, թէ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը այս ընտրութիւններուն ինչպիսի նախընտրական կարգախօս պիտի ունենայ: Ինչպէս փոխանցած է կուսակցութեան կազմակերպչական յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Թադեւոսեանը՝ կարգախօս ունին, բայց դեռ չեն հրապարակած։

Փոխարէնը՝ Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած «Ծառուկեան» դաշինքը ընտրութիւններուն կը մասնակցի «Փոփոխութիւնների եւ կառուցելու ժամանակն է» կարգախօսով: Ի դէպ, դիմելով իր կուսակիցներուն, Ծառուկեան յորդորեց, քարոզարշաւի ընթացքին ոչ թէ ընտրողներէն ձայներ խնդրել, այլ դաշինքի 15 կէտէ բաղկացած ծրագիրը ներկայացնել։ Ան, մասնաւորապէս, կ’ենթադրէ՝ 2018 թուականի 1 Յունուարէն նուազագոյն աշխատավարձ սահմանել 80 հազար դրամ, յառաջիկայ երեք տարիներուն փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները ազատել հարկերէ, վերացնել արագաչափերը եւ կարմիր գիծերը, սառեցնել հանրային դժգոհութիւններով ընդունուած կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործունէութիւնը, իջեցնել էլեկտրաէներգիայի սակագինը եւ այլն: – «Այսօր վիճակը շատ ծանր է, դա ոչ թէ միայն ես եմ ասում, այլեւ գործող վարչապետն էլ, որ մեր տնտեսութիւնն ահաւոր ծանր պայմաններում է, եւ այդպէս գնում ենք անկում, անդունդ», – ըսած էր Ծառուկեան՝ աւելցնելով․ – «Ժողովրդի հետ շփուելիս իրենց լսէք, իրենց տարտ ու ցաւը, խնդիրը, եւ ներկայացնենք մեր 15 կէտերը, որ դա մենք կարգաւորելու ենք, գիտենք, տեղեակ ենք եւ ցանկութիւն ունենք, եւ հնարաւորութիւն կայ, եւ թիմ կայ, որը դա մենք պէտք է կազմակերպենք՝ անենք: Եթէ համապատասխան մեր թիմում այդ մարդը չկայ, որ լիարժէք կարող է արդիւնաւէտ լինի, ուրեմն երկրում կայ, մեր երկրում չկայ՝ ուրեմն աշխարհում կայ»:

Ծառուկեանի երբեմնի դաշնակից Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ղեկավարած «Գոնկրէս – ՀԺԿ» դաշինքը ընտրութիւններուն կ’երթայ «Խաղաղութիւն, հաշտութիւն, բարիդրացիութիւն» կարգախօսով՝ օրակարգի մէջ ունենալով Ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորումը: Ինչպէս նշեց Հայ ազգային գոնկրէս կուսակցութեան փոխնախագահ Լեւոն Զուրապեան, իրենք Ղարաբաղեան հարցի լուծումը աւելի կարեւոր ու ճակատագրական կը համարեն Հայաստանի համար, յատկապէս, որ միւս խնդիրներու, տուեալ պարագային՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ու մենաշնորհներու մասին արդէն բոլորը կը խօսին:

«8 տարի առաջ մենք ունէինք մենաշնորհ՝ Սերժ Սարգսեանին քննադատելու, կոռուպցիան քննադատելու, չարաշահումները բացայայտելու: Միայն մենք էինք դա անում, ոչ ոք չէր համարձակում», – յիշեցուց Զուրապեան՝ շարունակելով․ – «Այսօր մեզանից աւելի բարձր այլ ուժեր, որոնք չէին համարձակում դրա մասին խօսել, քանի որ ազատութեան սահմանները լայնացել են, այդ ուժերը մեզանից առաջ ընկած այդ բաները ասում են: Բայց իրենք մի բան չեն հասկանում, որ այսօր կայ աւելի կարեւոր հարց, աւելի կարեւոր, ճակատագրական խնդիր Հայաստանի համար: Իրենք չեն ուզում այդ խօսակցութիւնը բացել: Մենք կը բացենք»:

Սէյրան Օհանեանի, Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի, Վարդան Օսկանեանի դաշինքը՝ «Ժառանգութիւն, համախմբում, յաղթանակ» կարգախօսով։ Ինչպէս  հրաւիրած ասուլիսին ընդգծեց պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան, իրենց ծրագիրին եւ քարոզարշաւին մէջ ամէնէն շատ պիտի կարեւորուի Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խնդիրը:

«Հարցերի հարցը, օրակարգի թիւ 1 խնդիրը այսօր անվտանգութիւնն է: Եթէ անվտանգութիւնը լիակատար չէ, ինչ-որ բան սպառնում է, ապա միւս հարցերը, որքան էլ կարեւոր լինեն, պէտք է դիտարկուեն հենց այդ շրջանակներում՝ մեր պետութեան անվտանգութեան համատեքստում», – իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, ըսած է Օհանեան:

Աւելցնենք, որ «Ելք» դաշինքը ընտրութիւններուն կ’երթայ «Ընտրութիւն, փոփոխութիւն, յաղթանակ» կարգախօսով, «Ազատ Դեմոկրատները»՝ «Մենք կարող ենք», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան», «Հայկական Վերածնունդը»՝ «Քուէարկի՛ր յանուն փոփոխութեան, քուէարկի՛ր յանուն վերածնունդի» կարգախօսով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment