Փետրուար 7-ին, Պելառուսի գերագոյն դատարանը մերժեց «Ինթընեթային» լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի բողոքը` այդպիսով հաստատելով Ատրպէյճանին յանձնելու մասին նախկին որոշումները: Նոյն օրն իսկ Լափշին յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին:
Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի հանդիսացող Լափշին բողոք ներկայացուցած էր ընդդէմ դատախազութեան որոշման, ըստ որուն, Լափշին պէտք է արտայանձնուի Ատրպէյճանին:
Գերագոյն դատարանը Պելառուս դատական համակարգի վերջին ատեանն է, որուն վճիռները չեն կրնար բողոքարկուիլ:
Ալեքսանդր Լափշինի փաստաբան Նաթալիա Շեկինա լրագրողներուն ըսած է, որ բողոքի քննարկումը կէս ժամ չէ տեւած եւ նիստը դռնփակ կայացած է:
Անոր փաստաբանը նաեւ ըսած է, որ Լափշինի կինը դիմած է Մինսկի իրաւապահաներուն` Լափշինին լրացուցիչ պաշտպանութիւն տրամադրելու խնդրանքով:
Պելառուս օրէսնդրութեամբ, յաւելեալ պաշտպանութիւն կրնայ տրամադրուիլ այն օտարարերկրացիներուն, որոնք կը գտնուին Պելառուսիա, փախստականի կարգավիճակ հայցելու հիմքեր չունին, բայց հիմնաւոր մտահոգութիւններ ունին, որ հայրենիք վերադառնալու պարագային կրնան ենթարկուիլ խոշտանգումներու ու նուաստացման:
Սակայն, առանց սպասելու այդ բոլորին լրագրողը օդանաւ դրուելով ուղարկուած է Պաքու:
Ըստ փաստաբանին, Լափշինի կինը նաեւ բողոք յղած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու կոմիտէին, որ զայն վարոյթ ընդունած է:
Ալեքսանտր Լափշին տարիներ առաջ երկու անգամ այցելած է Լեռնային Ղարաբաղ, ամիսներ առաջ ալ քննադատած է Իլհամ Ալիեւին, որմէ ետք պաշտօնական Պաքուն անոր դէմ մի քանի քրէական գործ յարուցած է եւ միջազգային հետախուզում յայտարարած: Ատրպէյճանի մէջ անոր մեղադրանքներ ներկայացուած են մի քանի յօդուածներով, ըստ որոնց, Լափշինին 5 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ: