Բրիտանական վերլուծական The Economic Intelligence Unit (EIU) ընկերութիւնը հրապարակած է ամենամեայ զեկոյց՝ երկիրներու ժողովրդավարութեան վիճակի վերաբերեալ: Հետազօտութիւնը կատարուած է 165 անկախ երկիրներու մասին: Ըստ ժողովրդավարութեան ցուցանիշի երկիրները բաժանուած են 4 խումբի:
Առաջին խումբի երկիրներուն մէջ լիակատար ժողովրդավարութիւն է: Այդ խումբին մէջ ընդգրկուած է 19 երկիր, որոնց մէջ կ’ապրի աշխարհի բնակչութեան 5 տոկոսը: Այս խումբին մէջ են Նորվեկիան, Շուէտը, Իսլանտան, Նոր Զելանտան, Դանիան, Իրլանտան, Գանատան, Աւստրալիան, Ֆինլանտան ու Զուիցերիան:
Երկրորդ խումբի երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութիւնը անբաւարար գնահատուած է, երրորդ խումբի երկիրները գնահատուած են որպէս խառնածին ռեժիմ ունեցող, չորրորդը՝ մենատիրական ռեժիմի երկիրներ:
Հայաստանը 111-րդ տեղը գրաւելով ընդգրկուած է երրորդ խումբին մէջ: Հարեւաններէն Վրաստանը 79-րդ տեղը գրաւած է՝ Հայաստանի հետ նոյն խումբին մէջ: Ռուսաստանն ու Ատրպէյճանը որակուած են որպէս մենատիրական ռեժիմի երկիրներ՝ անոնք համապատասխանաբար 135-րդ եւ 148-րդ տեղերը զբաղեցուցած են:
Երկիրներու ժողովրդավարութեան աստիճանը գնահատելու ժամանակ ընկերութեան մասնագէտները առաջնորդուած են մի քանի չափորոշիչներով՝ ընտրական գործընթացներ, քաղաքացիական ազատութիւններ, քաղաքական գործընթացներ, քաղաքական մշակոյթ:
Աղիւսակի ստորին հորիզոնականներուն վրայ են Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը, Չատը, Սուրիան, Հիւսիսային Քորէան: