Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպասելով Անողոք Պայքարին

Սպասելով Անողոք Պայքարին

by MassisPost

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ)   ամպիոնէն անցեալ շաբաթ իր ունեցած ելոյթի ընթացքին,  Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այլ հարցերու կողքին անդրադարձաւ նաեւ ներքին  բարեփոխումներուն, անոնց շարքին կաշառակերութեան դէմ տարուող «անողոք պայքարի» մասին ու այս առթիւ  վստահեցուց, որ Հայաստան  «արմատախիլ  պիտի ընէ  այդ ախտը» եւ ընդգծեց, որ մօտ 500 պաշտօնեաներ պարտաւոր են յայտարարագրել իրենց եկամուտներն  ու գոյքը:

Ճիշդ է որ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաները պարտաւոր են ամէն տարի ներկայացնելու  իրենց  ունեցուածքի մասին յայտարարագիր ու  անոնք պարտաճանաչութեամբ կը կատարեն օրէնքի այդ պահանջը: Սակայն, խնդիրը կը կայանայ յայտարարագիրերու ստուգման բացակայութեան  եւ անհետեւանք մնալուն մէջ:

Յաճախ այդ յայտարարագիրերուն  մէջ կը տեսնենք, որ տուեալ պաշտօնեան ունի երկու շքեղ մեքենայ, երկու առանձնատուն, դրամատան մէջ այսքան հազար տոլար,  նոյնքան եւրօ եւ մի քանի միլիոն դրամ: Մէկ  տարի ետք, նոյն պաշտօնեան կը յայտարարէ, նախորդ տարուայ կրկնապատիկը ունեցուածք, առանց բացատրութիւն տալու, թէ պետական  համեստ աշխատավարձով ինչպէս կարելի եղած  է յաւելեալ հարստութիւն  դիզել:  Իսկ  երբ մամուլը իրենց հարց տայ այդ ուղղութեամբ, բոլորն ալ ունին պատրաստի պատասխան. «Մոսկուայէն ընկերս  նուիրեց կամ սանիկս նուիրեց»: Հետաքրքրական է որ, բոլորն ալ Մոսկուայի մէջ ունին հարուստ  ընկերներ եւ սանիկներ:

Նախագահի ելոյթը  մտիկ ընող  եւրոպացիներուն  համար այդ խօսքերը հաւանաբար  մեծ գոհունակութիւն պատճառեցին: Սակայն, Հայաստանի բնակչութեան համար կաշառակերութեան դէմ «անողոք պայքարի» եւ կոռուպցիան  «արմատախիլ» ընելու մասին խօսքերը ձեւական բնոյթ կը կրեն եւ կը գործածուին միմիայն արտաքին սպառման համար:

Կաշառակերութեան դէմ անողոք պայքար մղելու  եւ կոռուպցիան  արմատախիլ ընելու համար առաջին հերթին պէտք է շարժի դատախազութիւնը,  յայտարարուած գումարներու  ճշգրտութիւնը եւ աղբիւրները ստուգելու համար: Այլապէս,  նախագահի տուած հաւաստիացումները կը դառնան իմաստազուրկ, ոչ մէկ բան կը դառնայ արմատախիլ  ու երկիրը կը շարունակէ մնալ կոռուպցիայի ճիրաններուն մէջ:

«ՄԱՍԻՍ»

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment