Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ անցեալ տարուայ Յունիսին ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի համահեղինակներէն Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճէմ Օզտեմիր մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, որով ան գերմանաբնակ թուրքերուն կոչ ուղղած էր յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն չքուէարկել Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութեան Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան ու Կանաչներու օգտին՝ զանոնք որակելով «Թուրքիոյ թշնամիներ»:
Օզտեմիր «Deutsche Welle»ի թրքական ծառայութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է, թէ ուրախ է, որ իրենց կուսակցութիւնն Էրտողանի «սեւ ցուցակին մէջ է»: «Լաւ է, որ այդ ցուցակին մէջ ենք: Եթէ չըլլայինք, հիասթափութիւն պիտի ապրէինք: Եթէ Էրտողան խորհուրդ չի տար քուէարկել մեր օգտին, կը նշանակէ, որ ճիշդ ուղիի վրայ ենք: Մեզի համար պատիւ է այդ ցուցակին մէջ ըլլալը»,- ըսած է Օզտեմիր:
24 Սեպտեմբերին Գերմանիոյ մէջ սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Գերմանիա բնակող իր հայրենակիցներուն կոչ ուղղած էր չսխալիլ եւ ձայն չտալ «Թուրքիոյ թշնամի» կուսակցութիւններուն: Գերմանիոյ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար Մարթին Շուլց, մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութիւնը, ըսած էր. «Էրտողան ամբողջութեամբ կորսնցուցած է չափի զգացումը»: