Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ճէմ Օզտեմիր․ «Լաւ է, որ Էրտողանի Սեւ Ցուցակին Մէջ Ենք, Ուրեմն Ճիշդ Ուղիի Վրայ Ենք»

Ճէմ Օզտեմիր․ «Լաւ է, որ Էրտողանի Սեւ Ցուցակին Մէջ Ենք, Ուրեմն Ճիշդ Ուղիի Վրայ Ենք»

by MassisPost

Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ անցեալ տարուայ Յունիսին ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի համահեղինակներէն Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճէմ Օզտեմիր մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, որով ան գերմանաբնակ թուրքերուն կոչ ուղղած էր յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն չքուէարկել Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութեան Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան ու Կանաչներու օգտին՝ զանոնք որակելով «Թուրքիոյ թշնամիներ»:

Օզտեմիր «Deutsche Welle»ի թրքական ծառայութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է, թէ ուրախ է, որ իրենց կուսակցութիւնն Էրտողանի «սեւ ցուցակին մէջ է»: «Լաւ է, որ այդ ցուցակին մէջ ենք: Եթէ չըլլայինք, հիասթափութիւն պիտի ապրէինք: Եթէ Էրտողան խորհուրդ չի տար քուէարկել մեր օգտին, կը նշանակէ, որ ճիշդ ուղիի վրայ ենք: Մեզի համար պատիւ է այդ ցուցակին մէջ ըլլալը»,- ըսած է Օզտեմիր:

24 Սեպտեմբերին Գերմանիոյ մէջ սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Գերմանիա բնակող իր հայրենակիցներուն կոչ ուղղած էր չսխալիլ եւ ձայն չտալ «Թուրքիոյ թշնամի» կուսակցութիւններուն: Գերմանիոյ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար Մարթին Շուլց, մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութիւնը, ըսած էր. «Էրտողան ամբողջութեամբ կորսնցուցած է չափի զգացումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment