Նախագահ Էրտողան Թուրքիոյ թշնամի որակած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը՝ Գերմանիա ապրող թուրքերուն յորդորելով ձայն չտալ անոր կուսակցութեան՝ Սեպտեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Նախօրէին Մերքէլ յայտարարած էր, թէ անհնար կը համարէ Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ կապերու խորացումը, քանի տակաւին պաշտօնական Անգարա բռնաճնշումներ կ’իրականացնէ ընդդիմադիրներու հանդէպ:
«Գերմանիոյ մէջ մօտ 1 միլիոն թուրք ընտրող կայ, անոնք կրնան փոխել այս իրավիճակը: Կոչ կ’ուղղեմ ձայն չտալ այն կուսակցութիւններուն, որոնք կ’աջակցին այս թշնամական, Թուրքիոյ հանդէպ անարգալից քաղաքականութեան: Կը յորդորեմ ձեզ լաւ դաս մը տալ ասոնց ձեր յառաջիկայ քուէարկութեամբ»,- յայտարարած է էրտողան:
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները սրեցման անցեալ տարուընէ, երբ «Պունտեսթակ» ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիոյ մէջ անցեալ տարուայ յեղափոխութեան փորձէն ետք ալ Պերլին կը մեղադրէ Անգարան ընդդիմութեան դէմ ապօրինի հետապնդումներ իրականացնելու, խօսքի ազատութիւնը ճնշելու մէջ՝ քաղաքական ապաստան տրամադրելով Էրտողանի հարիւրաւոր ընդդիմախօսներուն: