Եւրոխորհրդարանը խորապէս մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այս շաբաթ բռնութեան վերսկսման կապակցութեամբ, որ կրկին յանգեցուցած է խաղաղ բնակչութեան շարքերէն զոհերու: Այս մասին ըսուած է Եւրոխորհրդարանի արտաքին գործոց յանձնաժողովի նախագահ Տէյվիտ Մաքալիսթըրի, ԵՄ-Հայաստան եւ ԵՄ-Ատրպէյճան յանձնաժողովներուն մէջ պատուիրակութեան ղեկավար Սաճատ Քարիմի եւ Եւրանեսթիի մէջ պատուիրակութեան ղեկավար Ռեպեքա Հարմսի համատեղ յայտարարութեան մէջ:
«Մենք խորապէս կը ցաւակցինք զոհուածներու ընտանիքներուն: Մենք կոչ կ’ընենք անյապաղ դադրեցնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական գործողութիւնները: Ինչպէս աւելի վաղ ըսուած էր՝ մենք համոզուած ենք, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Անոր փոխարէն հակամարտութիւնը քաղաքական կարգաւորման կարիք ունի՝ միջազգային իրաւունքին համապատասխան:
Մենք լիարժէք կը սատարենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերն ու առաջարկները: Որպէսզի այդ ջանքերը յաջողութեան հնարաւորութիւն ունենան, ինչպէս Հայաստանը, այնպէս ալ Ատրպէյճանը պէտք է քաղաքական կամք դրսեւորեն՝ բարի կամքի ոգիով բանակցութիւններ վարելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: