Իսրայէլեան «Rafael» ընկերութիւնը Փարիզի օդային ցուցադրութեան առաջին անգամ ներկայացուցած է «Spike» հակաթանկային հրթիռի նորացուած տարբերակը, կը յայտնէ «The Jerusalem Post»-ը: Թերթը կը գրէ, որ հրթիռը փորձարկուած է Իսրայէլի մէջ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ ղարաբաղեան ճակատին:
Հրթիռի խոցման հեռահարութիւնը գետնէն արձակելու պարագային 5.5 քմ է, ինքնաթիռէն բաց արձակելու պարագային՝ 10 քմ:
Սփայքը կրնայ մշակել ազդանշանները եւ հետեւիլ տարբեր թիրախներու: Տեսաազդանշաններու մշակման համակարգին մէջ օգտագործուած են արհեստական բանականութեան տարրեր, որու շնորհիւ հնարաւոր կը դառնայ տեսադաշտէն կորսուած մարմիններուն հետեւիլ: