Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2016-ին Հայաստանի Բնակիչներուն Արտասահմանի Հարազատներէն Ստացած Մասնաւոր Փոխանցումներ Պակսած են

2016-ին Հայաստանի Բնակիչներուն Արտասահմանի Հարազատներէն Ստացած Մասնաւոր Փոխանցումներ Պակսած են

by MassisPost

2016 թուականին Հայաստանի ընտանիքները աւելի քիչ մասնաւոր փոխանցումներ  ստացած են: Այս մասին նշուած է 2016-ին Հայաստանի մաքրոտնտեսական իրավիճակի նկարագրութեան մէջ, որ կցուած է պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութեան: Հաշուետուութեան քննարկումը 26 Յունիսին սկսած է ԱԺ մշտական յանձնաժողովներուն մէջ:

Այսպէս` 2016 թուականին փոխանցումները կրճատուած են 8,6 տոկոսով` շարունակելով նախորդ տարիներու միտումները: ՀՆԱ-ի հետ յարաբերակցութեամբ փոխանցումները կազմած են 9,4 տոկոս` մօտենալով 2000 թուականի   վատագոյն  համարուած  ցուցանիշին:

Նշենք, որ 2016 թուականին մասնաւոր փոխանցումներու զուտ հոսքը (ֆիզիքական անձանց փոխանցումները` սահմանին փոխանցման համար պահումով) կազմած է 556,5 միլիոն տոլար: Այսուհանդերձ, այս ցուցանիշը զգալիօրէն փոքր է, քան 2014 թուականին (համեմատութեան համար` 2012 թուականին միայն Ռուսաստանէն ստացուած են 1 միլիառ 393 միլիոն տոլարի փոխանցումներ):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment