Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԴ Նախագահ Ընտրուած Է Վլատիմիր Վարդանեանը

ՍԴ Նախագահ Ընտրուած Է Վլատիմիր Վարդանեանը

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի նախագահ ընտրուած է նախկին իշխանական պատգամաւոր, ՍԴ դատաւոր Վլատիմիր Վարդանեանը։ Ան ընտրուած է Նոյեմբեր 6-ին կայացած ընտրութեան երկրորդ փուլին։

ՍԴ նախագահի պաշտօնին համար առաջադրուած էին երկու թեկնածու՝ Վլատիմիր Վարդանեանը եւ ՍԴ փոխնախագահ Էտկար Շաթիրեանը։

Գաղտնի քուէարկութեան առաջին փուլին թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէ ստացած ընտրուելու համար անհրաժեշտ թիւով կողմ ձայներ։ Կայացուած է ընտրութեան երկրորդ փուլ, որուն արդիւնքներով ՍԴ նախագահ ընտրուած է Վարդանեանը։ Թեկնածուներու ստացած ձայներուն թիւը ՍԴ հաղորդագրութեան մէջ չէ նշուած։

Սա Սահմանադրական դատարանի նախագահի ընտրութեան երկրորդ փորձն էր։ Հոկտեմբեր 14-ին նոյն երկու թեկնածուներով կայացուած ընտրութեան առաջին եւ երկրորդ փուլերուն անհրաժեշտ թիւով ձայներ չէին հաւաքուած, եւ ընտրութիւնը համարուած էր չկայացած։

ՍԴ նախագահի պաշտօնը թափուր մնացած էր Հոկտեմբեր 12-էն, երբ լրացած էր նախկին նախագահ Արման Դիլանեանի պաշտօնավարման վեցամեայ ժամկէտը։ Դիլանեանը կը շարունակէ պաշտօնավարել որպէս Սահմանադրական դատարանի դատաւոր։

«Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքի համաձայն՝ ՍԴ նախագահը կ’ընտրուի վեց տարի ժամկէտով՝ առանց վերընտրուելու իրաւունքի։ Երկու կամ աւելի թեկնածուներու պարագային առաջին փուլին ընտրուելու համար անհրաժեշտ է ինը դատաւորներէն առնուազն վեցի նաջակցութիւնը, իսկ երկրորդ փուլին՝ առնուազն հինգին։

Վլատիմիր Վարդանեանը ՍԴ դատաւոր ընտրուած էր 2026-ի Մարտին՝ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի առաջադրմամբ։ Անոր թեկնածութեան կողմ քուէարկած էր Ազգային Ժողովի 67 պատգամաւոր։ Մինչ այդ Վարդանեանը «Լաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր էր եւ կը ղեկավարէր խորհրդարանի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովը։ ՍԴ դատաւոր ընտրուելէ առաջ ան դադրեցուցած էր անդամակցութիւնը իշխող կուսակցութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment