Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուր Ունեցած Ենք Երաշխաւորներ, Աւարտած Է Աղէտով. Փաշինեան՝ Հայաստանի Անվտանգութեան Իրական Երաշխաւորի Մասին

Ուր Ունեցած Ենք Երաշխաւորներ, Աւարտած Է Աղէտով. Փաշինեան՝ Հայաստանի Անվտանգութեան Իրական Երաշխաւորի Մասին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Մերիդիան» ցուցահանդէսներու եւ միջոցառումներու կեդրոնին մէջ մասնակցած է Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովի առաջին աշխատանքային օրուայ պաշտօնական մեկնարկին։

«Պատմական փորձը ցոյց է տալիս, որ արտաքին անվտանգային երաշխաւորների վրայ յոյս դնելը հայ ժողովրդի համար մշտապէս աւարտուել է աղէտով, իսկ դրա վերջին դրսեւորումը 2022 թուականի սեպտեմբերեան իրադարձութիւններն էին,
երբ տէ իւրէ արձանագրուած պարտաւորութիւնները չիրագործուեցին», յայտնած է վարչապետը՝ շեշտելով, որ պետութեան անվտանգութեան եւ զարգացման միակ իրական երաշխաւորը հարկ վճարող քաղաքացին է։

Գագաթաժողովի մասնակիցներէն մէկը հարցում ուղղած է, թէ ե՞րբ Հայաստանի պետութիւնը պիտի կարենայ ԱՄՆ-ի կամ Իսրայէլի օրինակով աշխարհի որեւէ կէտի մէջ անմիջապէս միջամտել եւ պաշտպանել իր քաղաքացիներուն ու հայերուն
իրաւունքները։

Անդրադառնալով հնչեցուած համեմատութեան՝ վարչապետը ընդգծած է պետական պիւտճէներու անհամեմատելիութիւնը. «Պարզ է, որ Հայաստանը չի կարող Միացեալ Նահանգների հետ համեմատուել, նոյնիսկ Իսրայէլի հետ չի կարող համեմատուել։ Եւ գիտէ՞ք ինչու, որովհետեւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգների պիւտճէները իրար հետ համեմատելի չեն։ Ի դէպ, եթէ ուզում ենք պետութեան մասին իմանալ, պէտք է իմանանք պիւտճէի մասին»։

Փաշինեանի խօսքով՝ քաղաքացիներուն առաջադրած բոլոր հարցումներուն պատասխանները չվճարուած հարկերու եւ «չթողարկուած ՀԴՄ կտրօններու մէջ են»։

Խօսելով երկրի անվտանգութեան ապահովման եւ միջազգային երաշխիքներու մասին՝ Գործադիրի ղեկավարը յիշեցուցած է պատմական իրադարձութիւնները.

«Ես վերջերս էլ ասացի, որ այսօր խօսում են երաշխաւորների մասին, որ պէտք է երաշխաւորներ լինեն, Հայաստանի երաշխաւորներ լինեն, խաղաղութեան երաշխաւորներ լինեն…։ Ես ասում եմ, որ մեր պատմական փորձառութիւնը ի՞նչ է ցոյց տալիս. որտեղ մենք ունեցել ենք երաշխաւորներ, դա աւարտուել ա աղէտով։

«Օրինակ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանում ամբողջ աշխարհը… Միացեալ Նահանգների մամուլը ահազանգում էր հայերի հետ տեղի ունեցող ահաւոր իրադարձութիւնների մասին, Մեծ Բրիտանիայի մամուլը, Ֆրանսայի մամուլը, աշխարհի բոլոր առաջադէմ երկրների մամուլը, եւ միջազգային հանրութիւնը պարտաւորութիւններ ունէր մեր առաջ։ Բայց, ի վերջոյ, վերջին կաթիլը եղաւ 2022 թուականի Սեպտեմբերը, երբ այդ թւում տէ իւրէ արձանագրուած պարտաւորութիւնները չիրագործուեցին»

Վարչապետը համոզմունք յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յառաջիկային դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուին՝ իրարու տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու ճանաչմամբ։ «Իհարկէ, Հայաստանը եւ Թուրքիա դեռեւս դիւանագիտական յարաբերութիւններ չեն հաստատել, բայց ես համոզուած եմ, որ առաջիկայում այդ յարաբերութիւնները կը հաստատուեն՝ ճանաչելով միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանությունը եւ սահմանները»,- ըսած է Փաշինեան։

Վարչապետը այսպէս արձագանգած է գագաթաժողովի մասնակիցի հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիան կը ճանչնա՞յ Հայաստանի սահմանները, եւ արդեօք Երեւանը կը նախատեսէ՞ Անքարայի հետ այդ հարցով պայմանագիր ստորագրել։

Մասնակիցը նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է հայ-թրքական սահմանէն ռուս սահմանապահներու հնարաւոր հեռացման հետեւանքներուն վերաբերեալ։

«Ինչ վերաբերում է Հայաստանի եւ Թուրքիայի յարաբերութիւններին, գիտէք, որ նախկին Խորհրդային Միութեան սահմանները տէ իւրէ ուժի մէջ են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Թուրքիայի հետ։ Այսինքն՝ տարածքի չճանաչելու
խնդիր չկայ, նման հարց չկայ»,- յայտնած է վարչապետը։

Փաշինեանի խօսքով՝ ինքը Հայաստանի սահմաններու ճանաչման հարցով մտավախուիւն չունի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment