Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՌԴ Սահմանափակումներու Հետեւանքով Հայկական Արտադրանքը Նոր Շուկաներ Դուրս Եկած Է․ Պապոյեան

ՌԴ Սահմանափակումներու Հետեւանքով Հայկական Արտադրանքը Նոր Շուկաներ Դուրս Եկած Է․ Պապոյեան

by MassisPost

Ռուսաստանի սահմանափակումներուն հետեւանքով Հայաստանը նոր շուկաներ գտած է
իր արտադրանքին համար, իսկ գիւղատնտեսութեամբ զբաղող քաղաքացիներուն
խնդիրները կառավարութիւնը լուծած է։ Նոյեմբեր 6-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին յայտնած է տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան՝ միաժամանակ հաստատելով, որ ռուսական սահմանափակումներու շուրջ տնտեսական վէճը դեռ կը շարունակուի։

«Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմից դրուած սահմանափակումների հետեւանքով մենք
մեզ համար բացայայտել ենք նոր շուկաներ»,- ըսած է Պապոյեան՝ նշելով
Եւրոմիութեան, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները։

Անոր խօսքով՝ արտահանման աշխարհագրութեան ընդլայնումը նպաստած է հայկական
տնտեսութեան մրցունակութեան բարձրացման։

«Դա է պատճառը, որ բազմազանեցումը բաւականին լաւ կշռոյթներով ընթանում է
առաջ»,- յայտնած է նախարարը։

Լրագրողներէն մէկը Պապոյեանին յիշեցուցած է աւելի վաղ անոր
յայտարարութիւնները, որոնց համաձայն՝ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական
ընտրութիւններէն յետոյ Ռուսաստանի հետ առեւտրային խնդիրները պէտք է
լուծուէին։ Լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ ինչու սահմանափակումները չեն
վերացուած։

Պապոյեան պատասխանած է, որ կառավարութիւնը լուծած է գիւղատնտեսութեամբ
զբաղող քաղաքացիներուն խնդիրները։ Անոր պնդմամբ՝ գիւղմթերքը չիրացուած չէ
մնացած, իսկ գիւղաբնակ քաղաքացիները սահմանափակումներու հետեւանքով
խնդիրներ չեն ունեցած եւ պիտի չունենան։

Հարցումին, թէ կառավարութիւնը որքա՞ն կրնայ պետական պիւտճէէն շարունակել
աջակցիլ արտադրողներուն, նախարարը պատասխանած է, որ Հայաստանի պիւտճէի
հնարաւորութիւնները էապէս մեծցած են։ Անոր խօսքով՝ կառավարութիւնը
աջակցութիւն կը տրամադրէ՝ արտադրողականութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը
բարձրացնելու եւ արտադրողները մրցունակ դարձնելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment