Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մինչեւ Մարտ Կազի Թանկացում Պիտի Չըլլայ, Եթէ Քաղաքական Արտակարգ Զարգացումներ Չըլլան․ ՀԾԿՅ Նախագահ

Մինչեւ Մարտ Կազի Թանկացում Պիտի Չըլլայ, Եթէ Քաղաքական Արտակարգ Զարգացումներ Չըլլան․ ՀԾԿՅ Նախագահ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ սպառողներու համար բնական կազի սակագինը առնուազն մինչեւ 2027-ի Մարտ պիտի չբարձրանայ, եթէ անյաղթահարելի ուժ կամ քաղաքական արտակարգ զարգացումներ չըլլան։ Նոյնիսկ եթէ ռուսական կազի գինը Հայաստանի
սահմանին բարձրանայ, սպառողներու համար անոր հետեւանքները ձմռան ամիսներուն պիտո չարտացոլուին սակագինին վրայ։ Նոյեմբեր 6-ին լրագրողներու հետ ճեպազրույցին այս մասին յայտնած է Հանրային Ծառայութիւնները Կարգաւորող
Յանձնաժողովի նախագահ Մեսրոպ Մեսրոպեան։

Անոր խօսքով՝ գործող ընթացակարգով կազի սակագիները կը վերանայուին տարին երկու անգամ՝ յանձնաժողովի կամ կարգաւորուող ընկերութեան նախաձեռնութեամբ։

«Առնուազն մինչեւ Մարտ ամիս կազի թանկացում չենք ունենալու։ Եթէ հէնց այսօր էլ դիմեն գործընկերները «Գազպրոմ»-ի կազը թանկացնելու առաջարկութեամբ, դա վերաբերելի է արդէն միւս վեց ամսուայ վերանայմանը, եւ ձմեռն արդէն դուրս կը գանք»,- ըսած է Մեսրոպեան։

Լրագրողի ճշտող հարցումին՝ արդեօք կազի հնարաւոր թանկացումը այս ձմռանը պիտի չազդէ՞ բնակչութեան վրայ, ՀԾԿՅ նախագահը դրական պատասխան տուած է՝ բացառութիւն համարելով այն իրավիճակը, երբ Ռուսաստանը դադրեցնէ կազի
մատակարարումը Հայաստան։

Մեսրոպեան յայտնած է, որ այս պահուն կազի սակագինի բարձրացման վերաբերեալ պաշտօնական յայտ չկայ։ Անոր խօսքով՝ յանձնաժողովը կրնայ նաեւ մերժել հնարաւոր թանկացման յայտը, եթէ այն բաւարար հիմնաւորումներ չունենայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment