Ռուսաստան կը շարունակէ տնտեսական ճնշումներ բանեցնելու ճամբով Հայաստանի կառավարութիւնը ետ մղել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտումներէն՝ միաժամանակ զգուշացնելով հայ հանրային կարծիքը, թէ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն (ԵԱՏՄ) դուրս գալը աղէտաբեր կրնայ ըլլալ երկրին համար։
Այս ճնշումներուն ծիրէն ներս, ԵԱՏՄ-ի խորհուրդը անցեալ շաբաթ ներկայացուց իր կողմէ պատրաստուած զեկոյց մը, ուր կը նշուին Հայաստանի համար հաւանական տնտեսական հետեւանքները, եթէ որոշում կայացուի կասեցնելու Հայաստանի անդամակցութիւնը այդ կառոյցին։ Զեկոյցին համաձայն՝ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան կասեցումը կրնայ յանգեցնել երկրին համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 15.6 տոկոսով նուազման, սղաճի 14.9 տոկոսային կէտով բարձրացման եւ սպառման 14.6 տոկոսով կրճատման։
Կը խօսուի նաեւ կազի գինի բարձրացման, աշխատանքային գաղթի պայմաններու խստացման, մաքսային հսկողութեան եւ ապրանքներու հարկման մասին։ Կը շեշտուի, որ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան կասեցումը կրնայ յանգեցնել ներմուծման 48.8 տոկոսով նուազման եւ ապրանքաշրջանառութեան ընդհանուր ծաւալին 55.6 տոկոսով կրճատման։
Զեկոյցը կ՚եզրակացնէ, որ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան կասեցման պարագային, Հայաստանի մէջ արտադրուած ապրանքներու արտահանումը կրնայ նուազիլ 30-50 տոկոսով, իսկ վերաարտահանուող ապրանքներունը՝ աւելի քան 90 տոկոսով։
Զեկոյցին մէջ յիշուած այս մռայլ տուեալները, եթէ գետնի վրայ իրականութեան վերածուին, կրնան իսկապէս ծանր հարուած հասցնել Հայաստանի տնտեսութեան՝ յանգեցնելով ընկերային ցնցումներու։
Պաշտօնական Երեւանը, այս զեկոյցին կէտ առ կէտ պատասխանելու փոխարէն, բաւարարուեցաւ Փաշինեանի հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Կ՚ապրինք, կը տեսնենք»։ Միաժամանակ ան եզրակացուց, որ զեկոյցին նպատակն է Հայաստանի մէջ ներքաղաքական անկայունութիւն հրահրել։
Այս առիթով մենք դիմեցինք արհեստական բանականութեան՝ ChatGPT-ի գնահատականին, թէ ներկայացուած զեկոյցին մէջ տեղ գտած պնդումները որքանո՞վ մօտ են իրականութեան եւ որքանո՞վ կը շեղին անկէ։
«Այս թիւերը կը նկարագրեն տնտեսական ծանր ցնցում մը։ Սակայն էական տարբերութիւն կայ՝ գնահատելու համար, թէ ինչպէ՞ս կրնան ազդուիլ առանձին առեւտրական արտօնութիւնները, եւ ապացուցելու համար, թէ այդ կորուստները պատճառ պիտի դառնան Հայաստանի ամբողջ տնտեսութեան 15.6 տոկոսով անկման։
«Զեկոյցին հիմնական թերութիւնը այն է, որ ՀՆԱ-ի կորուստին հաշուարկը բաւարար կերպով հիմնաւորուած չէ։ Զեկոյցին արժանահաւատութիւնը գնահատելու համար այս է ամենակարեւոր հարցը։
«Ըստ զեկոյցին մէջ նշուած տուեալներուն՝ Հայաստանի 2025 թուականի անուանական ՀՆԱ-ն շուրջ 29.2 միլիառ տոլար էր։ Հետեւաբար, 4.6 միլիառ տոլարի ենթադրեալ կորուստը չափազանց մեծ տնտեսական հարուած մը պիտի ըլլար։ Սակայն կարգ մը մեթոտաբանական հարցերու պատասխանները յստակ չեն։ Առեւտուրի ընդհանուր ծաւալը նոյնը չէ, ինչ որ ՀՆԱ-ն։
«Զեկոյցը կը կանխատեսէ, որ Հայաստանի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ առեւտուրի ծաւալը 55.6 տոկոսով պիտի նուազի։ Սակայն ասիկա ինքնաբերաբար չի նշանակեր, որ Հայաստանի տնտեսական արտադրութիւնը նոյն համեմատութեամբ պիտի նուազի։
«Օրինակ՝ ընկերութիւն մը կրնայ Ռուսաստանէն ելեկտրոնային սարքեր ներմուծել եւ զանոնք Հայաստանի կամ այլ շուկաներու մէջ վերավաճառել։ Ներմուծուած ապրանքներուն ամբողջ արժէքը կ՚արձանագրուի առեւտուրի վիճակագրութեան մէջ, մինչդեռ Հայաստանի ՀՆԱ-ին տեղական ներդրումը կը ներառէ գլխաւորաբար բաշխման, փոխադրութեան, պահեստաւորման եւ այլ ծառայութիւններու միջոցով ստեղծուած աւելցուած արժէքը։ Եթէ այդ ընկերութիւնը դադրեցնէ ներմուծումն ու վերավաճառքը, առեւտուրի ընդհանուր ծաւալը կրնայ զգալիօրէն նուազիլ՝ առանց Հայաստանի ՀՆԱ-ի համարժէք անկումի։
«Պէտք է նաեւ զատորոշել ԵԱՏՄ-ի անդամակցութեան հետեւանքները տնտեսական այլ զարգացումներէ։ Հայաստանի առեւտրական յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն ազդուած են աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններէ, մատակարարման շղթաներու վերադասաւորումէն եւ վերաարտահանման գործունէութենէն։ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու հետեւանքները հաշուարկելու համար անհրաժեշտ է տարանջատել այս զարգացումներուն ազդեցութիւնը բուն անդամակցութեան հետեւանքներէն։
«Վերջապէս, զեկոյցին մէջ անցեալի առեւտրական մակարդակները ապագայ կորուստներու հաշուարկման հիմք ընդունիլը հարցեր կը յառաջացնէ», կը նշէ արհեստական բանականութիւնը։
Բոլոր պարագաներուն, ԵԱՏՄ-էն դուրս գալը Հայաստանի կառավարութեան մօտակայ ծրագիրներուն մէջ չէ։ Իսկ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը երկար տարիներ կը պահանջէ, եւ այդ գործընթացը կրնայ տեւել 10-15 տարի։ Սակայն Մոսկուա կը խօսի Հայաստանի անդամակցութիւնը դադրեցնելու մասին, թէեւ ԵԱՏՄ-ի կանոնադրութեամբ նման քայլ մը նախատեսուած չէ։
Այս վերջին զեկոյցը եւս կու գայ աւելնալու այն ճնշումներուն շարքին, որոնք Ռուսաստան կը գործադրէ՝ Հայաստանը իր ուղեծիրին մէջ պահելու համար։ Իսկ Երեւան կանգնած է դժուար ընտրութեան մը առջեւ՝ ենթարկուիլ Ռուսիոյ շանթաժին, թէ կառչիլ ինքնիշխան որոշումներ կայացնելու իր իրաւունքին։
«ՄԱՍԻՍ»

