Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Չի Բացառեր Արտահերթ Ընտրութիւնը, Եթէ Սահմանադրութեան Հարցով «Ընդդիմութիւնը Համոզել» Չյաջողի

Փաշինեան Չի Բացառեր Արտահերթ Ընտրութիւնը, Եթէ Սահմանադրութեան Հարցով «Ընդդիմութիւնը Համոզել» Չյաջողի

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չէ բացառած Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը, եթէ նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցով չյաջողի համաձայնութեան հասնիլ ընդդիմութեան հետ։ Հոկտեմբեր 22-ին կառավարութեան մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ Փաշինեան յայտնած է, որ յառաջիկային պիտի հրապարակուի նոր Սահմանադրութեան նախագիծը։

«Մենք կը փորձենք ընդդիմութեան մեր գործընկերներին համոզել, որ սա շատ կարեւոր եւ սկզբունքային հարց է, եւ սա Հայաստանի պետութեան յարատեւութիւնը որոշելու եւ լուծելու հարց է։ Կը փորձենք համոզել։ Չստացուեց, ուրեմն կը գնանք ուրիշ բեմագրերով, այդ թւում՝ կարող ենք նաեւ արտահերթ ընտրութիւններ անել։ Ո՞վ է ասել, որ նման բեմագիրը բացառուած է»,- յայտնած է Փաշինեան։

Փաշինեան վերահաստատած է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան հարցը Ատրպէյճանի հետ չի քննարկուիր, քանի որ ատիկա երկրին ներքաղաքական օրակարգն է։

Ատրպէյճանը պարբերաբար կը յայտարարէ, որ խաղաղութեան պայանագիր պիտի չստորագրէ, քանի դեռ Հայաստանը չէ փոխած իր Սահմանադրութիւնը։

«Ես ասել եմ, որ մենք Սահմանադրութիւնն Ատրպէյճանի հետ չենք քննարկում, որովհետեւ դա մեր ներքաղաքական օրակարգն է։ Ես ասել եմ ատրպէյճանական կողմին, որ մեզ համար ընդունելի չէ, որ Ատրպէյճանից անընդհատ մեր Սահմանադրութեան հետ կապուած հարցեր են բարձրացւում, որովհետեւ դա մեր ներքին օրակարգն է»,- յայտնած է վարչապետը։

Վարչապետին փոխանցմամբ՝ ատրպէյճանական կողմը ընդունած է, որ Սահմանադրութեան հարցը Հայաստանի ներքին գործն է, եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի միջամտելու այլ երկրի ներքին կեանքին։

Միաժամանակ, ըստ Փաշինեանի, Պաքուն բացատրած է, որ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններու ծիրին մէջ հայկական կողմին կը տեղեկացնէ Սահմանադրութեան վերաբերեալ իր քաղաքական դիրքորոշման մասին։

«Նրանք ասել են, որ իրենք ընդունում են, որ Սահմանադրութեան հարցը Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի հարցն է, ներքին հարցն է, եւ որեւէ մէկը Հայաստանի ներքին կեանքին եւ երկրների ներքին կեանքին միջամտելու իրաւունք չունի։ Պարզապէս նրանք մեզ տեղեկացնում են, իրազեկում են, քանի որ մենք քննարկում ենք խաղաղութեան համաձայնագրի հետ կապուած հարցը, որ իրենք ունեն այդպիսի քաղաքական դիրքորոշում»,- ըսած է վարչապետը։

Փաշինեանի գնահատմամբ՝ այս ձեւակերպումներուն միջեւ տարբերութիւնը կրնայ ոչ-էական թուիլ, սակայն իրականութեան մէջ սկզբունքային է, քանի որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը երկրի ներքին հարցն է։

Վարչապետը միաժամանակ նշած է, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը ներառուած եղած է ինչպէս իշխող ուժի նախընտրական ծրագրին, այնպէս ալ կառավարութեան ծրագրին մէջ։

«Եթէ մենք այսպէս թէ այնպէս փոխելու ենք Սահմանադրութիւնը, դա մեր արդէն իսկ նախընտրական ծրագրի եւ կառավարութեան ծրագրի մաս է, ի՞նչն է մեզ խանգարում, որպէսզի մենք հաճելին համատեղենք օգտակարի հետ»,- ըսած է Փաշինեան։

Անոր խօսքով՝ այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանը նոյնպէս Սահմանադրութեան վերաբերեալ հարց կը բարձրացնէ, պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ Հայաստանը հրաժարի իր սահմանադրական օրակարգէն։

«Մենք պէտք է գնանք այդ ճանապարհով եւ պէտք է նոր Սահմանադրութիւն ունենանք։ Դրա մասին բազմիցս խօսել ենք»,- յայտնած է վարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment