Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՆԱԹՕ-ի Խումբը Պատրաստակամ Է Շարունակելու Համագործակցութիւնը ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հետ

ՆԱԹՕ-ի Խումբը Պատրաստակամ Է Շարունակելու Համագործակցութիւնը ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հետ

by MassisPost

Հոկտեմբեր 16-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար, քաղաքացիական ծառայութեան 1-ին դասի պետական խորհրդական Համլէտ Բատիկեանը Պրիւքսէլի մէջ՝ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ, հանդիպած է ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական եւ անվտանգային համագործակցութեան տնօրէնութեան ղեկավար Փիրս Քազալեթի հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ բարեվարքութեան ամրապնդման ուղղուած համագործակցութեան հարցեր։

Փիրս Քազալեթ հաստատած է ՆԱԹՕ-ի բարեվարքութեան խումբի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համագործակցութիւնը ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ բարեվարքութեան ուղղութեամբ գործողութիւններու ծրագրի մշակման եւ իրականացման հարցով։

Հանդիպման յաջորդած են աշխատանքային քննարկումներ ՆԱԹՕ-ի փորձագիտական խումբերու հետ 2026 թուականին հաստատուած «Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ բարեվարքութեան ինքնագնահատման» փաստաթուղթին վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment