Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Կենսաբազմազանությեան հարցերով Առաջնորդներու գագաթաժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հանդիպումը:
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է երկկողմ բարձր մակարդակի հանդիպումներու աշխոյժ բնոյթը՝ յաւելելով, որ ատիկա կը վկայէ ՀՀ-Իրան յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման ուղղութեամբ կողմերուն ցանկութիւնն ու նպատակադրումը:
Մասուտ Փեզեշքեան կարեւորած է Հայաստանի հետ բազմաոլորտ կապերու խորացումն ու ընդլայնումը:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Իրան համագործակցութեան օրակարգին եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին վերաբերող հարցեր: Միտքեր փոխանակուած են համատեղ ծրագրերու յառաջմղման վերաբերող թեմաներու շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Մասուտ Փեզեշքեան անդրադարձած են նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու եւս:

