Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանը Յայտնած Է Ընթացիկ Տարուան Մէջ Հայաստանի Հետ Ապրանքաշրջանառութեան Ծաւալները

Ատրպէյճանը Յայտնած Է Ընթացիկ Տարուան Մէջ Հայաստանի Հետ Ապրանքաշրջանառութեան Ծաւալները

by MassisPost

Ընթացիկ տարուայ Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Ատրպէյճանէն Հայաստան արտահանուած է 23 միլիոն 450 հազար տոլարի ապրանք: Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուականները՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի պետական մաքսային կոմիտէին տուեալները:

Ըստ աղբիւրին՝ այս ցուցանիշը կազմած է Ատրպէյճանի ընդհանուր արտահանման ծաւալին 0,10 տոկոսը: Նոյն ժամանակահատուածին Հայաստանէն Ատրպէյճան ներմուծման ծաւալը կազմած է 96,46 հազար տոլար:

Նախորդ ամիս Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գեւորգ Պապոյեան յայտնած էր Հայաստանէն Ատրպէյճան ալիւմիումէ փայլաթիթեղի արտահանման մասին:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առեւտրային կապերու զարգացումը վերջին տարուան մէջ աշխուժացած է։

ՊԵԿ տուեալներուն համաձայն Ատրպէյճանէն Հայաստան ներմուծման ճնշող մեծամասնութիւնը՝ աւելի քան 99 տոկոսը, կազմած են նաւթը եւ նաւթամթերքը։ Բացի վառելանիւթէն, ներմուծուած է նաեւ փլասթիք շինարարական նիւթեր։

Հայաստան ատրպէյճանական արտադրանքի առաջին խմբաքանակներէն մէկը հասած էր 2025-ի Դեկտեմբերին․ Վրաստանի տարածքով Հայաստան ներկրուած էր ատրպէյճանական SOCAR ընկերութեան պենզին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment