Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Մեկնարկեց ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան COP17 Համաժողովը

Երեւանի Մէջ Մեկնարկեց ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան COP17 Համաժողովը

by MassisPost

Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 18-ի երեկոյեան պաշտօնապէս բացուեցաւ ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին պայմանադրութեան կողմերու 17-րդ համաժողովը՝ COP17-ը։ Հոկտեմբեր 19-30-ին նախատեսուած քննարկումներու առանցքին կենսաբազմազանութեան պահպանման ուղղութեամբ միջազգային պարտաւորութիւններու կատարումն է։

Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանը, շրջակայ միջավայրի նախարար Համբարձում Մաթեւոսեանը եւ ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին պաայմանադրութեան գործադիր քարտուղար Աստրիդ Շոմաքըրը։

«Սերունդներ շարունակ մենք մեր տնտեսութիւններն ու քաղաքները կառուցել ենք այն պատկերացմամբ, թէ կարծես բնութիւնն անսպառ աշբիւր է, որը մենք կարող ենք կառավարել եւ ի վերջոյ ամբողջութեամբ ենթարկել մեզ։ Բայց բնութիւնն այդպէս չի գործում»,- յայտնած է Փաշինեան։

Անոր խօսքով՝ Երեւանի համաժողովի գլխաւոր առաքելութիւնը մինչ այժմ արձանագրուած յառաջընթացը գնահատելը, բացերը բացայայտելն ու հետագայ առաջնահերթ գործողութիւններուն շուրջ համաձայնութեան հասնիլն է։

«Թող սա լինի այն պահը, երբ խօսքերից անցնում ենք գործի եւ մասնատուածութիւնից՝ համագործակցութեան»,- ըսած է ան։

Արարատ Միրզոյեանը ընդգծած է բազմակողմ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ բնապահպանական խնդիրները լուծելու համար։ Աստրիդ Շոմաքըրը, իր հերթին, անդրադարձած է միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքին եւ բնութեան պահպանութեան համար համատեղ գործողութիւններու անհրաժեշտութեան։

Համբարձում Մաթեւոսեանը յայտնած է, որ Հայաստանը Գոլոմպիայի հետ կը նախաձեռնէ 17 երկիրներու մասնակցութեամբ համագործակցութիւն՝ վտանգուած տեսակներու վերականգնման նպատակով։

COP17-ի ընթացքին առաջին անգամ համաշխարհային մակարդակով պիտի գնահատուի 2022-ին ընդունուած Կունմին-Մոնրէալի կենսաբազմազանութեան համաշխարհային շրջանակի իրականացման յառաջընթացը։ Փաստաթուղթին հիմնական նպատակներէն է մինչեւ 2030 թուական ցամաքային եւ ծովային տարածքներու առնուազն 30 տոկոսի պահպանութեան ապահովումը։

Համաժողովին նախորդած էր Հոկտեմբեր 16-ին Երեւանի մէջ կայացած Առաջնորդներու գագաթաժողովը, որուն ընթացքին ընդունուեցաւ Երեւանի հռչակագիրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment