Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Նոր Հաւասարակշռութեան Որոնման Փուլի Մէջ Են. Քոփիրքին

Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Նոր Հաւասարակշռութեան Որոնման Փուլի Մէջ Են. Քոփիրքին

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին կը կարծէ, թէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները այժմ բարդ փուլի մէջ են, եւ կողմերը պէտք է իրարու հասկնան ու գտնեն նոր հաւասարակշռութիւն։

Դեսպանը Հոկտեմբեր 16-ին ելոյթ ունեցած է մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան Հայաստանի վեթերաններու միաւորման 70-ամեակին նուիրուած միջոցառման։ Ըստ ՌԴ դեսպանատան՝ Քոփիրքին կարեւորած է վեթերաններուն դերը երկու ժողովուրդներու պատմական յիշողութիւնը պահելու եւ բարեկամութիւնը ամրացնելու գործին մէջ։

Անոր խօսքով՝ քաղաքական իրավիճակը կրնայ փոխուիլ, բայց ընդհանուր պատմութիւնը, համատեղ յաղթանակներն ու մարշալ Բաղրամեանի կերպարը կը շարունակեն կապել երկու ժողովուրդները։ Դեսպանը յիշեցուցած է, որ միասնութեան շնորհիւ յաղթանակ տարուած է ամենադժուար պատերազմի մէջ, եւ նոյն միասնութեան պէտք է ապաւինիլ այսօրուայ մարտահրաւէրներու պարագային։

Միջոցառման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի մէջ Պելառուսիոյ ժամանակաւոր հաւատարմատար Ի. Քուտրուքը, Երեւանի մէջ Ռուսաստանի տան եւ Մոսկուայի տան ղեկավարները, հասարակական եւ հայրենակցական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment