Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցած Է «Առաջնորդները Յանուն Բնութեան» Գագաթաժողովի Լիագումար Նիստի Բացումը

Տեղի Ունեցած Է «Առաջնորդները Յանուն Բնութեան» Գագաթաժողովի Լիագումար Նիստի Բացումը

by MassisPost

Երեւանի «Մերիդիան» ցուցահանդէսներու եւ միջոցառումներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանադրութեան կողմերու 17-րդ (COP17) համաժողովի ծիրին մէջ կայացող «Առաջնորդները յանուն բնութեան» գագաթաժողովի լիագումար նիստի բացման արարողութիւնը:

Մինչ այդ, տեղի ունեցած է գագաթաժողովի լիագումար նիստի մասնակից պետութիւններու, կառավարութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը:

Մասնաւորապէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ դիմաւորած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Խալէտ Էլ Էնանը, Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիուապօն, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, մաքուր, արդար եւ մրցակցային անցման հարցերով յանձնակատար Թերեզա Ռիպերան, Ալճերիոյ Ժողովրդական Հանրապետութեան Ազգային Խորհուրդի խօսնակ Ազուս Նասրին, Զանզիպարի Ինքնավարութեան նախագահ Հուսէյն Ալի Մուինյին, Թուրքմենստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովը, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն, Տաճիկստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը, Ղրղզստանի Հանրապետութեան նախագահ Սատիր Ժապարովը, Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Քասիմ–Ժոմարթ Թոքաեւը, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանը:

Դիմաւորման եւ համատեղ լուսանկարահանման արարողութենէն յետոյ, ՀՀ վարչապետը հանդէս եկած է ելոյթով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment