Հոլիվուտի աստղ եւ բնապահպան Լէոնարտօ Տի Քափրիօ ողջունած է վտանգուած տեսակներու վերականգնմանն ուղղուած նոր նախաձեռնութիւնները, որոնք յայտարարուած են Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան համաժողովին (COP17)։
Instagram-ի իր էջով դերասանը նշած է, որ այլեւս բաւական չէ միայն կանխել տեսակներուն անհետացումը. պէտք է զանոնք «վերադարձնել կործանման եզրէն» ու վերականգնել անոնց թուաքանակը։
Տի Քափրիոյի փոխանցմամբ՝ Հայաստանի եւ Գոլոմպիայի գլխաւորութեամբ 17 երկիր միացած է նոր դաշինքին՝ CARES-ին (Վտանգուած տեսակներու վերականգնման գործողութիւններու դաշինք), որ պարտաւորուած է արագցնել անհետացումը կանխելու ջանքերը։
Անոր զուգահեռ՝ ինը բարեգործական հիմնադրամ եւ կազմակերպութիւն ստեղծած են Species Recovery Alliance-ը եւ պարտաւորուած յառաջիկայ հինգ տարուան մէջ աւելի քան 500 միլիոն տոլար ուղղել աշխարհի մէջ վտանգուած տեսակներու վերականգնման։

