Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կոչ Բոլոր Կողմերուն. Անթոնիօ Կութերեշ Անդրադարձած Է Ատրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Կոչ Բոլոր Կողմերուն. Անթոնիօ Կութերեշ Անդրադարձած Է Ատրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

by MassisPost

Ինչո՞ւ ՄԱԿ-ը ճնշում չի գործադրեր, որպէսզի Պաքուն ազատ արձակէ հայ գերիները. այսօր Երեւանի մէջ կայացած ասուլիսին պատասխանելով այս հարցումին՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ կոչ յղեց «բոլոր կողմերուն»:

«Բոլոր կողմերուն կոչ կ’ընենք հնարաւորինս արագ իրագործելու խաղաղութեան համաձայնագրի բոլոր դրոյթները, որ նաեւ, բնականաբար, կը ներառէ կալանաւորուած անձերը»,- ըսաւ ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան համաժողովին՝ COP 17-ին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած Կութերեշը:

Ատրպէյճանական բանտերուն մէջ այժմ 19 հայ գերի կայ, անոնք դատապարտուած են 15 տարիէ ցմահ ազատազրկման։ Մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներով յայտնի Ատրպէյճանի մէջ դատավարութիւնները կ’անցնին փակ՝ միջազգային դիտորդներու եւ լրատուամիջոցներու բացակայութեամբ:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը նաեւ յոյս յայտնեց, որ հայ-ատրպէյճանական համաձայնագիրը արագ կը ստորագրուի. «Ես խաղաղութեան պայմանագրի մեծ ջատագովն եմ: Յոյս ունիմ, որ խաղաղութեան համաձայնութիւնը արագ գործողութեան կը վերածուի եւ կը լուծուին բոլոր առկայ խնդիրները, որոնք իսկապէս ցաւալի են»:

Այսօր աւելի վաղ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին Անթոնիօ Կութերեշ կարեւորած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը:

«Հայաստանը ցուցաբերած է արտակարգ դիւանագիտական կարողութիւն` գործելով հրաշքներ, միաւորելով տարբեր կարծիքներ եւ տեսակէտներ։ Այն բոլոր ոլորտներուն մէջ, ուր COP-ը կ’աշխատի՝ կենսաբազմազանութիւն, կլիմայ, իսկապէս հայկական ղեկավարութեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment