Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Չենք Կարծեր, Որ TRIPP-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանով Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար․ Քոպախիձէ

Չենք Կարծեր, Որ TRIPP-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանով Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար․ Քոպախիձէ

by MassisPost

«Չենք կարծեր, որ TRIPP-ը կրնայ էական խնդիրներ ստեղծել Վրաստանով անցնող աւանդական երթուղիներուն համար»։ Այս մասին յայտնած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձեն։

«Մենք չենք կարծեր, որ TRIPP երթուղին կամ որեւէ այլ երթուղի կրնայ էական խնդիր ստեղծել Վրաստանով անցնող աւանդական երթուղիներուն համար։ Սա կը վերաբերի նաեւ Անակլիային»,- նշած է Քոպախիձէն։

Անոր խօսքով՝ Միջին միջանցքով բեռնափոխադրումներու ծաւալը 2020 թուականէն իվեր աճած է եօթը անգամ, ինչի հետեւանքով յառաջացած է նոր ենթակառուցուածքներու եւ երթուղիներու բազմազանեցման անհրաժեշտութիւն։

«Միջին միջանցքով բեռնափոխադրումներու ծաւալը զգալիօրէն աճած է, այնքան, որ առարկայական անհրաժեշտութիւն յառաջացած է բազմազանեցնելու երթուղիները։ Մենք չենք կարծեր, որ TRIPP երթուղին կամ որեւէ այլ երթուղի կրնայ էական խնդիրներ ստեղծել Վրաստանով անցնող աւանդական երթուղիներուն համար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment