Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ’ակնկալենք, Որ Հայկական Ապրանքներու Արտօնութիւնները Շուտով Կեանքի Կը Կոչուին․ ԵՄ Դեսպան

Կ’ակնկալենք, Որ Հայկական Ապրանքներու Արտօնութիւնները Շուտով Կեանքի Կը Կոչուին․ ԵՄ Դեսպան

by MassisPost

Եւրոպական Միութիւնը կ’ակնկալէ, որ հայկական ապրանքներուն նկատմամբ սահմանուած
արտօնութիւնները շատ շուտով կը գործարկուին, Վանաձորի մէջ յայտարարած է ԵՄ
դեսպան Վասիլիս Մարակոս, ընդգծելով՝ «Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի
միջեւ յարաբերութիւնները երբեք այսքան մօտ չեն եղած, եւ Եւրոպական
կառոյցը կ’աշխատի զանոնք ա՛լ աւելի շօշափելի դարձնելու»։

«Հետեւելով որոշ շատ կոշտ, հարկադրական միջոցներու, որոնք Հայաստանի կարեւոր
հիւսիսային գործընկերը ձեռնարկած է դէպի այդ երկիր արտահանման դէմ, ԵՄ-ն
մեծցուցած է իր աջակցութիւնը առեւտուրին»,- ըսած է ԵՄ դեսպանը ու շեշտած
Պրիւքսէլի առաջարկած առեւտրային արտօնութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն
պիտի տան բազմաթիւ հայկական ապրանքներու ԵՄ շուկայ մտնել առանց մաքսատուրքերու։

Խօսքը ԵՄ-ի նոր առեւտրային արտօնութիւններուն մասին է, որոնցով հայկական
քանի մը հարիւր տեսակի ապրանքներ հնարաւորութիւն պիտի ստանան եւրոպական շուկայ
արտահանուելու առանց մաքսատուրքի։ Արտօնութիւնները Պրիւքսէլը Հայաստանին
առաջարկած է ռուսական սահմանափակումներու լոյսին տակ՝ օգնելու արտահանողներուն
նոր շուկաներ գտնել։ Կը նախատեսուի, որ արտօնեալ կարգը գործէ
սահմանափակ ժամկէտով եւ ընդգրկէ հայկական արտահանման շարք մը
ապրանքատեսակներ։

«Այս շաբաթ մենք տեսանք Եւրոպական Խորհրդարանը կողմ քուէարկեց այս
առաջարկին, եւ կ’ակնկալենք, որ սա շատ շուտով կը պաշտօնականացուի»,- ըսած է
Մարակոս։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment