Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեան Կալանաւորուած Է

Ռոպերթ Քոչարեան Կալանաւորուած Է

by MassisPost

1998-2008 թուականներուն Հայաստանի նախագահի պաշտօնը զբաղեցուցած Ռոպերթ Քոչարեանը 2 ամիսով կալանաւորուել է։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Հակափտածութեան Կոմիտէէն։

«Հաշուի առնելով հանրային հետաքրքրութիւնը՝ տեղեկացւում է, որ Հակափտածութեան դատարանը (նախագահութեամբ դատաւոր Ս. Դադոյեանի) ամբողջութեամբ բաւարարել է քննիչի միջնորդութիւնը, եւ Ռ. Ք.-ի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է կիրառուել կալանքը»,- կ’ըսուի Հակափտածութեան Կոմիտէի տրամադրած մեկնաբանութեան մէջ:

Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք ներկայացուած է պաշտօնի լիազօրութիւններու չարաշահման, առանձնապէս խոշոր չափերու փողերու լուացման եւ առանձնապէս խոշոր չափերու կաշառք ստանալու համար։ Նոյն գործով կալանաւորուած է նաեւ անոր աւագ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը։ Այս գործի շրջանակին մէջ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ ալ դատարանը կիրառած է բացակայելու արգելք խափանման միջոցը: Գործով կ’անցնին այլ անձեր եւս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment