«ՌԴ-ն Հայաստանը կը շարունակէ համարել եղբայրական երկիր, հետեւաբար մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ այնտեղ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներուն նկատմամբ»:
Ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու եւ գործիչներու նկատմամբ հետապնդումներու նոր ալիքին։
«Մենք չենք խառնուիր ինքնիշխան պետութիւններու ներքին գործերին, ներառեալ Հայաստանի եւ անոր իրաւապահ մարմիններու գործունէութիւնը։ Հայաստանը կը շարունակենք համարել եղբայրական երկիր՝ ժողովուրդի մը հետ, որուն հետ մեզ կը կապեն յատուկ յարաբերութիւններ, որոնք ձեւաւորուած են դարեր շարունակ, հետեւաբար մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ այնտեղ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներուն նկատմամբ, մանաւանդ երբ անոնք այս կամ այն կերպ կ’անցնին մեր երկրին հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն հետ կապուած կարգախօսներով եւ այլն»,- ըսած է Զախարովան:
Վերջինս նշած է, որ կը շարունակուի Ռուսաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու պահպանման ու ամրապնդման հանդէս եկող քաղաքական ուժերու եւ գործիչներու նկատմամբ իրական բռնաճնշումներու մագլցումը, որ հակասութեան մէջ կը մտնէ երկկողմանի կապերու համընթաց զարգացման հայկական հասարակութեան հարցման հետ:
«Ցաւօք, այն բացասական միտումը, որուն ուշադրութիւն հրաւիրած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը Մոսկուայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին Ապրիլ 1-ին, կը շարունակուի, այն է՝ Ռուսաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու պահպանման ու ամրապնդման հանդէս եկող քաղաքական ուժերու եւ գործիչներու նկատմամբ իրական բռնաճնշումներու մագլցումը։ Եւ սա ակնյայտօրէն հակասութեան մէջ կը մտնէ երկկողմանի կապերու համընթաց զարգացման հայկական հասարակութեան հարցման հետ, որ յստակօրէն դրսեւորուեցաւ Յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ կը յուշէ հայկական ուժայիններու յիշատակուած գործողութիւններու քաղաքականացուած բնոյթին մասին»,- նշած է ան:
ԱԳՆ ներկայացուցիչը յստակացուցած է, որ ՌԴ-ն կ’ակնկալէ, որ քաղաքական կուսակցութիւններն ու խմբակցութիւնները, որոնք ջանքեր կը գործադրեն երկկողմանի փոխգործակցութեան ամրապնդման համար, կը կարենան հանգիստ մասնակցիլ երկրի ներքաղաքական կեանքին:
«Հանրապետութեան իշխանութիւններուն նման կործանարար գիծը կտրուկ կը հակադրուի պաշտօնական Երեւանի հանրային հաւաստիացումներուն առ այն, որ այնտեղ քայլեր չեն ձեռնարկեր Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները վատթարացնելու ուղղութեամբ, ինչպէս իրենք կը հաւաստիացնեն: Կ’ակնկալենք, որ քաղաքական կուսակցութիւններն ու խմբակցութիւնները, պետական մակարդակի ղեկավարները, Հայաստանի հասարակական գործիչները, որոնք ջանքեր կը գործադրեն աւանդական երկկողմանի փոխգործակցութեան ամրապնդման համար, կը կարենան հանգիստ մասնակցիլ երկրի ներքաղաքական կեանքին, իրենց ներդրումը ունենալ անոր զարգացման, բարգաւաճման գործին մէջ»,- մատնանշած է ԱԳՆ ներկայացուցիչը:
Զախարովա յայտնած է, որ հայկական իշխանութիւններուն «նոր, այսպէս կոչուած, ընկերները» կը շարունակեն աչք փակել ամէն ինչի վրայ, ինչը կերպով մը կը նպաստէ այնտեղ ԵՄ-ի նպատակներու ձեռքբերման։
«Եւ, ի հարկէ, խօսուն է, որ մեր երկրին նկատմամբ կառուցողականօրէն տրամադրուած քաղաքական գործիչներուն եւ հասարակական գործիչներուն վրայ ճնշման խստացումը աննկատ կը թողնեն այն քաղաքական ուժերը, որոնք, ինչպէս իրենք կը պնդեն,- սա անոնց ուղղակի մէջբերումն է,- ժողովրդավարութիւն կը բերեն Հայաստանի մէջ, առաջին հերթին, ի հարկէ, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները։ Բայց ինծի կը թուի՝ սա յաւելեալ հաստատումն է այն բանին, որ հայկական իշխանութիւններուն նոր, այսպէս կոչուած, ընկերները կը շարունակեն աչք փակել ամէն ինչի վրայ, ինչ որ կերպ մը կը նպաստէ այնտեղ ԵՄ-ի նպատակներու ձեռքբերման, այն է՝ անպարկեշտօրէն օգտագործել հանրապետութիւնը, անոր ներուժը եւ անոր քաղաքացիները Ռուսաստանի հետ իրենց առճակատման մէջ»,- եզրափակած է Զախարովա:

