Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն, Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Կը Շարունակեն Յանձնառու Մնալ Օգոստոս 8-ի Համատեղ Հռչակագրի Լիարժէք Իրականացման

ԱՄՆ-ն, Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Կը Շարունակեն Յանձնառու Մնալ Օգոստոս 8-ի Համատեղ Հռչակագրի Լիարժէք Իրականացման

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները, Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կը վերահաստատեն իրենց անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան՝ իրենց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ, ըսուած է Սպիտակ տան մէջ կայացած Խաղաղութեան գագաթաժողովի մէկամեայ տարեդարձին առթիւ երեք երկիրներու համատեղ յայտարարութեան մէջ:

«Երեք երկիրները կը շարունակեն յանձնառու մնալ Օգոստոս 8-ի Համատեղ հռչակագրի լիարժէք իրականացման՝ անոր տառին եւ ոգիին համապատասխան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի բացառիկ տնտեսական ներուժի բացայայտման»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

ՀՀ ԱԳՆ-ի տարածած՝ երեք երկիրներու համատեղ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու մնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ ստորագրուած երկկողմ կանոնադրութիւններու եւ փոխըմբռնման յուշագրերու լիարժէք իրականացման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու հետ իր երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման:

«Իրական խաղաղութիւնը երբեք մէկ օրուան մէջ չի կերտուիր, բայց ինչպէս կ’ըսէ նախագահ Թրամփ` «խոստումները տրուած են, խոստումները կատարուած են»։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ տեւական խաղաղութեան ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը օրինակ են ամբողջ աշխարհի համար, եւ մենք տարածաշրջանին համար կ’ակնկալենք պայծառ ու բարգաւաճ ապագայ»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment