Հայաստանը մինչեւ 2026 թուականի Դեկտեմբեր պէտք է որոշում կայացնէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կամ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մէջ (ԵԱՏՄ) անդամակցութիւնը պահպանելու վերաբերեալ համազգային հանրաքուէ կայացնելու հարցով։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզին։
Անոր խօսքով՝ Դեկտեմբերին նախատեսուած Բարձրագոյն Եւրասիական Տնտեսական Խորհուրդի նիստին ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու ղեկավարները կրնան քննարկել Հայաստանի նկատմամբ հետագայ համատեղ քայլերու հարցը։
«Ակնյայտ է, որ եթէ մինչ այդ պահը հանրաքուէի կոչը չլսուի, առաջնորդները հաշուի պիտի առնեն այդ փաստը՝ համապատասխան հետագայ համատեղ քայլերը որոշելու ընթացքին»,– ըսած է Կալուզին։
ՌԴ ԱԳ փոխնախարարը նշած է, որ Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի նախագահներու՝ Մայիս 29-ի համատեղ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւրոպական ձգտումներուն։ Ըստ Կալուզինի՝ փաստաթուղթին մէջ ընդգծուած է հնարաւորինս սեղմ ժամկէտերու մէջ հանրաքուէ կատարելու անհրաժեշտութիւնը՝ ԵՄ-ին անդամակցելու կամ ԵԱՏՄ կազմին մէջ մնալու վերաբերեալ։
Միաժամանակ, յայտարարութեան մէջ հանրաքուէի կատարման յստակ ժամկէտ չէ նշուած։
Կալուզինի խօսքով՝ հարցը կրկին պիտի քննարկուի ԵԱՏՄ Բարձրագոյն Խորհուրդի դեկտեմբերեան նիստին։ Այդ ընթացքին պետութիւններու ղեկավարներուն պիտի ներկայացուի զեկոյց՝ 2014 թուականի Մայիս 29-ի ԵԱՏՄ պայմանագրի՝ Հայաստանի նկատմամբ գործողութիւնը կասեցնելու հնարաւոր հետեւանքներուն վերաբերեալ։
ՌԴ ԱԳ փոխնախարարի յայտարարութեան համաձայն՝ հանրաքուէի հարցը եւ Հայաստանի հետ ԵԱՏՄ յարաբերութիւններու հետագայ ընթացքը կրնան դառնալ դեկտեմբերեան քննարկումներու առանցքային թեմաներէն մէկը։

